ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հոգեբաններու համաձայն, կան երեխաներ, որոնք շփացած կը ծնին, այսինքն՝ իրենք զիրենք մենաշնորհեալ կը զգան ծինային պատճառներով, իսկ կան ուրիշներ, որոնք շփացած կը դառնան՝ իրենց ծնողքին կամ շրջապատին անպատասխանատու շռայլութիւններուն հետեւանքով:
Միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ, Թուրքիա այն երկիրներէն է, որ կայսերական իր անցեալէն ժառանգած ծիներուն, ինչպէս նաեւ իր աշխարհագրական կարեւոր դիրքէն եկող շռայլանքներուն պատճառով, ինքզինք մենաշնորհեալ կը համարէ ու առիթ չի փախցներ այս հանգամանքը շահագործելու համար, յաճախ իր ոտքերը վերմակէն դուրս հանելու չափ:
Արդարեւ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23ին, ինքզինք հակասելու գնով յայտարարեց, թէ սառեցուած տագնապները պէտք է լուծուին տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին հիման վրայ, աւելցնելով, որ Թուրքիոյ համար յոյժ կարեւոր է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ միջոցներով լուծուի:
Սակայն, քանի մը նախադասութենէ ետք միայն, Կիւլ արդէն իսկ «մոռցած էր» ի՛ր իսկ կողմէ առաջ քշուած «տարածքային ամբողջականութեան սկզբունք»ը, երբ կը խօսէր 1974էն ի վեր Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մասին:
Այս պարագային, ան ոչ միայն արդար համարեց (Կիպրոսի) տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին ոտնակոխումը, այլ նաեւ կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան, որ վերջ տայ բռնագրաւեալ Կիպրոսի դէմ յայտարարուած շրջափակման…
Յատկանշական է, որ նոյն ելոյթին ընթացքին, Կիւլ մտահոգութիւն յայտնած էր, որ հակամարտութիւններու լուծում գտնելու աշխատանքներուն ձգձգումը նոր բախումներու աղբիւր կրնայ դառնալ։ Ըստ երեւոյթին, ինքզինք ու իր երկիրը մենաշնորհեալ համարող Կիւլի համար Կիպրոսի հակամարտութեան արդար լուծում մը գտնելու աշխատանքները 1974էն ի վեր ձգձգելու Անգարայի քայլերը մտահոգիչ չեն այնքան, որքան համեմատաբար՝ Արցախի շատ աւելի «երիտասարդ» տագնապին անլոյծ մնալը:
Կիւլ պէտք է գիտակցի, որ կայսերական իր ծիները լաւապէս չեն թարգմանուիր հանրապետական ծիներու, ու եթէ կը փափաքի իսկապէս հանրապետական նկատուիլ ուրիշներու կողմէ եւս, ապա պէտք է ձերբազատուի այդ ծիներէն, կամ ալ զանոնք զսպող դարմաններ գտնէ: