ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅԴ Քրիստափոր կոմիտէութեան Հայ Դատի յանձնախումբին, Կիրակի Սեպտեմբեր 12ին յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ հաւաք-հիւրասիրութիւն մը՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ անդամ Լին Ուուլզիի համար: Մարին գաւառէն քոնկրեսականին ի նպաստ հաւաքը տեղի ունեցաւ հիւրընկալութեամբ տոքթ. եւ տիկին Պերճ եւ Վարդ Ռուբինեաններու, անոնց բնակարանին մէջ: Ռուբինեանները, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այս առիթով, սիրով հիւրընկալեցին այս քաղաքական հանդիպումը՝ գնահատելու քոնկրեսական Լին Ուուլզիի շարունակական գործակցութիւնը հայութեան վերաբերեալ այն հարցերուն շուրջ, որոնց համար Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբը դիմած է իր օժանդակութեան ու զօրակցութեան:
Ընդունելութեան ներկայ էին շրջանի Հայ Դատի բարեկամներու ու գործօն անդամներու հոյլ մը: Քոնկրեսական Ուուլզիի կենսագրական գիծերն ու քաղաքական աշխատանքներու մանրամասնութիւնները ներկայացուց շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Կարապետեանը: Ան մեծ գնահատանքով խօսեցաւ քոնկրեսականին հայանպաստ քաղաքական աշխատանքներուն մասին, ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն, բարոյապէս ու նիւթապէս սատար հանդիսանալու դեմոկրատ քոնկրեսականին վերընտրութեան աշխատանքներուն:

Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ուուլզի, իր կարգին շնորհակալութիւններ յայտնեց հաւաքի ներկաներուն: Ան իր խօսքի ընթացքին մասնաւորաբար ծանրացաւ այն աշխատանքներուն մասին, որոնց հետամուտ պիտի ըլլայ իր վերընտրութենէն ետք, որոնց կարգին է նաեւ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին վաւերացումը Քոնկրեսին կողմէ:
Ձեռնարկի ընթացքին եղան կարգ մը հարցումներ, որոնց հանգամանօրէն ու մանրամասնութեամբ պատասխանեց ներկայացուցիչ Ուուլզի:
Հանդիպումը յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ գոյացնելով կոկիկ գումար մը, օգնելու Հայ Դատի բարեկամ Լին Ուուլզիի վերընտրական աշխատանքներուն: