ԹԵՀՐԱՆ.- Սեպտեմբեր 15ին, երկօրեայ պաշտօնական այցով Թեհրան մեկնած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը հանդիպում մը ունեցած է Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ. անոնք գոհունակութիւն յայտնած են երկու երկիրներուն միջեւ զարգացող բազմաբովանդակ համագործակցութեան համար:
Իրանի նախագահն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը քննարկած են 2009 Ապրիլին Հայաստանի նախագահին Թեհրան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն կատարման ընթացքը:
Նոյն օրը, Իրանի մայրաքաղաքին մէջ, նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպած է նաեւ իր պաշտօնակիցին՝ Մանուչեր Մոթթաքիի, որուն հետ անդրադարձած է հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներուն, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունին տնտեսական համագործակցութեան, համատեղ ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման գործին մէջ: Մշակութային փոխանակումներու ենթաթեքստին մէջ կողմերը կարեւոր համարած են փոխադարձ մշակոյթի օրերու իրականացումը եւ միտքեր փոխանակած՝ զբօսաշրջութեան խթանման ուղիներուն մասին:
Հայաստանի եւ Իրանի ԱԳ նախարարները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային հարցերու. Մանուչեր Մոթթաքիի խնդրանքով, Է. Նալբանդեան ներկայացուցած է արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման բանակցութիւններուն ընթացքը՝ կարեւոր համարելով Իրանի հաւասարակշռուած եւ կառուցողական դիրքորոշումը այդ հարցին շուրջ:
Թեհրանի մէջ նախարար Նալբանդեան նաեւ հանդիպած է Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Սայիտ Ճալիլիի հետ. անոնք միասնաբար անդրադարձած են երկու երկիրներուն անվտանգութեան խորհուրդներուն միջեւ հաստատուած համագործակցութեան: Ս. Ճալիլիի խնդրանքով, Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուցած է արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին վերջին զարգացումները:
Նոյն օրը, երեկոյեան, Հայաստանի ԱԳ նախարարը այցելած է Իրանահայոց թեմի առաջնորդարան, ուր զինք ընդունած է Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Հանդիպման ներկայ եղած են Իրանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Նշան արք. Գարաքեհէեան, Իրանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վեր. Սերգէյ Շահվերդեան, ԹՀԹ Պատգամաւորական ժողովի դիւանը, պատգամաւորներ, նաեւ Թեմական եւ Կրթական խորհուրդներու, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը ընդգծած է Հայաստանի անկախութեան յաջորդող տարիներուն սփիւռքահայութեան զօրակցութիւնը, աշխուժութիւնը, եռանդն ու յանձնառութիւնը Հայաստանի, մասնաւորաբար՝ իրանահայութեան կողմէ: Անդրադառնալով երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն՝ սրբազանը նշած է. «Հաւատում եմ, որ ձեր յարաբերութիւնները՝ Հայաստանի հանրապետութեան եւ Իրանի
Իսլ. հանրապետութեան, որքան սերտանան, որքան ամրանան, այնքան տարածաշրջանը ինքնին խաղաղ տուեալներ կ՛ունենայ իր կեանքը շարունակելու, որովհետեւ այսօր Իրանը տարածաշրջանի ամենաուժեղ երկրներից մէկն է եւ արհամարհելի չէ դա ու նկատառելի է Հայաստանի դերը այս տարածաշրջանում, յատկապէս իր բարեկամութեամբ Իրանի Իսլ. հանրապետութեան հետ»:
Նախարար Նալբանդեան, իր կարգին, անդրադառնալով այցի մանրամասնութիւններուն՝ նշած է. «Ինչպէս միշտ, շատ ջերմ ու անկեղծ մթնոլորտում բանակցութիւններ ունեցանք պրն. Մոթթաքիի հետ բոլոր այն հարցերի մասին, որոնք այսօր յուզում են մեզ եւ երկկողմ հետաքրքրութիւն են առաջացնում: Պրն. Մոթթաքին ինձ հետ հանդիպման ժամանակ նշեց, որ չկայ այնպիսի մի հարց, որ մենք չկարողանանք բանակցութիւնների միջոցով լուծել: Լիովին ես նրա հետ համաձայն եմ, քանի որ մեր յարաբերութիւնների բարձր մակարդակի մասին են խօսում այն մեծ ծրագրերը, որ մենք իրականացնում ենք, կարելի է ասել՝ ռազմավարական ծրագրերը, յատկապէս՝ դրանսփորթի եւ էներկեթիքայի ոլորտներում»:
Էդուարդ Նալբանդեան նաեւ խօսած է հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, ապագայ զարգացումներուն մասին, անդրադարձած է հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան թեմային, յատկապէս՝ Արցախի, տեղեկացնելով ընթացող գործընթացին մասին: Հանդիպման աւարտին առաջնորդարանի բակին մէջ Հայաստանի ԱԳ նախարարը ծաղկեպսակ դրած է Եղեռնի յուշարձանին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.