ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Սեպտեմբեր 16ին կայացած հանդիպման մը ընթացքին, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արամ Սաֆարեան յայտարարած է, թէ խմբակցութիւնը դէմ չէ Հայաստանի կողմէ ԼՂՀ անկախութեան ճանաչման, սակայն դէմ պիտի քուէարկէ ԼՂՀ անկախութեան ճանաչման մասին Ժառանգութիւն խմբակցութեան ներկայացուցած օրինագծին:
«ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահ երկրները յայտարարել են, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումն ընթանալու է միայն ԵԱՀԿ ՄԽ ձեւաչափում, այսինքն, եթէ մենք այժմ ճանաչենք ԼՂՀ անկախութիւնը, դա դուրս կը լինի բանակցային գործընթացի տրամաբանութիւնից եւ էապէս կը բարդացնի ՄԽ աշխատանքը: Ճիշդ է, եթէ ինչ որ պատճառներով Մինսկի գործընթացը փակուղի մտնի, ապա մենք չենք բացառում օրինագծի ընդունումը», ըսած է Սաֆարեան ու նշած, որ ինքը՝ անձամբ, դէմ չէ այդ օրինագիծին: «Սակայն այս պահի դրութեամբ օրինագծի արտահերթ քննարկումը նպատակայարմար չէ: Կարելի է այն թողնել ԱԺ մեծ օրակարգում, յետոյ վերադառնալ քննարկման», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.