ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նորաստեղծ Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդը կը նախատեսէ մինչեւ տարեվերջ իրականացնել բազմաթիւ ծրագիրներ եւ նախագիծեր:
Ըստ խորհուրդի նախագահ Սամուէլ Մկոյեանի, մինչեւ Սեպտեմբերի վերջ պիտի շարունակուին հանդիպումները բոլոր համալսարաններու առաջին դասարանցի սփիւռքահայերուն հետ: Պիտի բացուի յատուկ կայքէջ, ուր տեղ պիտի գտնեն տեղեկութիւններ Հայաստանի ուսումնական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանրակրթական դպրոցներուն մասին: Անիկա պիտի օգնէ սփիւռքահայ դիմորդներուն ճիշդ կողմնորոշուելու ապագայ մասնագիտութեան առումով:
Նշենք, որ սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդը նաեւ կը համագործակցի Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի Երիտասարդական կազմակերպութիւններու ընկերակցութեան հետ (ՀՀՔ ԵԿԸ), մասնաւորապէս՝ միանալով վերջինիս կողմէ իրականացուող «Ճանչնանք այն երկիրները, ուր կ՛ապրին հայերը» ծրագիրին: Նշեալ ծրագիրին նպատակն է Հայաստանի հասարակութեան ներկայացնել հայաշատ համայնքներ ունեցող երկիրները, անոնց պատմութիւնը, մշակոյթը, հայ համայնքը, անոր կառուցուածքը, տեղը, դերն ու նշանակութիւնը այդ երկրին մէջ: Ծրագիրի կարեւոր խնդիրներէն է նաեւ այդ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւել Հայաստանի մէջ ուսանող սփիւռքահայերը: Յառաջիկային, «Ճանչնանք այն երկիրները, ուր կ՛ապրին հայերը» ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ ուսանող վիրահայ ուսանողներուն միջոցով պիտի ներկայացուի Վրաստանի հանրապետութիւնն ու հայկական համայնքը:
«Ճանչնանք մեր հայրենիքը» խորագիրով ծրագրին ծիրէն ներս, Հայաստանի սփիւռքահայ ուսանողներու մասնակցութեամբ կ՛իրականացուին շարք մը ճանաչողական այցելութիւններ հայրենիքէն ներս: Ուսանողները արշաւներուն եւ ուխտագնացութիւններուն կը մասնակցին՝ «Հայրենիքը սիրելու համար պէտք է ճանչնալ զայն» գիտակցութեամբ, որ ծրագիրի իրականացման գլխաւոր սկզբունքն է:
Ս. Մկոյեանի հաւաստումով, խորհուրդի գործունէութեան ձեւերէն մէկը ուսանողական ակումբներու ստեղծումն է, որուն շուրջ եւս որոշ ծրագիրներ կան, ինչպէս՝ սփիւռքահայ ուսանողներէն ՈւՀԱի խումբի ձեւաւորումը:
«Մեր կողմից իրականացուող եւ իրականացուելիք բոլոր ծրագրերն էլ ունեն ազգապահպանական, հայրենասիրական ուղղուածութիւն եւ միտուած են արժէքների պահպանմանն ու գնահատմանը: Մեր ծրագրերի գաղափարները ծնւում են ընդհանուր հանդիպումների ու քննարկումների ընթացքում, լաւագոյնները մշակւում ու կեանքի են կոչւում», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.