ՊՈԼԻՍ, «Թերթ».- Թրքական «Տունիա» պարբերականին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Վանի առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի նախագահ Զահիր Քանտաշօղլու յայտնած է, թէ Սեպտեմբեր 19ին Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագէն ետք հայերը եւ թուրքերը Վանի մէջ պիտի սկսին իրականացնելու առեւտրական միացեալ ծրագիրներ, որոնցմէ մէկը կապուած է զբօսաշրջութեան, իսկ միւսները՝ արդիւնաբերութեան ոլորտին։
Քանտաշօղլուի բնորոշումով, այդ նախագիծերուն շնորհիւ Վանի մէջ կատարուած են 100 միլիոնաւոր տոլարներու ներդրումներ:
Վանի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի նախագահը նշած է, որ մօտ ապագային պիտի ստեղծուի հայ-թրքական օդանաւային ընկերութիւն մը, որ պիտի ունենայ չորս սեփականատէր: Ամերիկեան ընկերութեան մը աջակցութեամբ, առաջին հանգրուանին ձեռք պիտի բերուի երկու օդանաւ եւ պիտի իրականացուին Երեւան-Վան թռիչքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.