Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիրակի, Սեպտեմբեր 12ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէին ընթացքին, Կեսարիոյ Ս. Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցին օգտագործուած է իբրեւ քուէարկութեան կեդրոն։
Նշեալ եկեղեցին մինչ այդ կ՛օգտագործուէր իբրեւ մարզական դահլիճ։ Ամիսներ առաջ թրքական իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ նպատակ ունին քառասուն տարի շարունակ իբրեւ մարզական դահլիճ օգտագործուած հայկական եկեղեցին վերանորոգել եւ վերաբանալ իբրեւ թանգարան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.