ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սեպտեմբեր 19ին, Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած պատարագին Հայաստանէն պիտի մասնակցի ընդամէնը 300-400 հոգի։ Նշեալ թիւը պարզուած է Հայաստանի մէջ գործող զբօսաշրջական գրասենեակներու հետ տեղի ունեցած զրոյցներուն իբրեւ արդիւնք. անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր պատճառներով բացատրած է, թէ ինչո՞ւ կ՛ուզէ կամ չ՛ուզեր մասնակցիլ պատմական այդ պատարագին։
Յիշեցնենք, որ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագը, հակառակ այն փաստին, որ շատերու կողմէ ընդունուած էր իբրեւ պատմական իրադարձութիւն, յուսահատեցուց բազմաթիւ հաւատացեալներ, որովեհետեւ բացայայտուեցաւ, թէ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը պիտի տեղադրուի պատարագէն ետք։ Յուսահատութեան նպաստեց նաեւ հասարակական-քաղաքական գործիչներու կողմէ տարուող հակաքարոզչութիւնը, ըստ որուն, աշխատանք կը տարուէր տապալելու «թրքական իշխանութիւններուն կազմակերպած ցուցադրութիւնը» եւ «թոյլ չտալ ծաղրել մեր հոգեւոր ինքնութիւնը»:
Աշխոյժ հակաքարզչութիւն իրականացուեցաւ նաեւ հայկական լոպիիստական կառոյցներուն կողմէ, որոնք կը փորձեն թատերականացուած պատարագին մասնակցելու որոշումէն զերծ պահել նաեւ սփիւռքահայութիւնը:
Հայաստանեան շարք մը զբօսաշրջական գործակալութիւններ, որոնք յաճախ կը կազմակերպեն շրջագայութիւններ դէպի Արեւմտեան Հայաստան, յայտնած են, թէ պիտի դադրեցնեն իրենց պտոյտները դէպի Վան եւ Արեւմտեան Հայաստանի այլ քաղաքներ։ Անոնցմէ ոմանք նշած են Աղթամար եկեղեցւոյ շուրջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները: «Սկզբունքօրէն եմ չեղեալ յայտարարել այդ ուղղութեամբ թուրերը, քանի որ ինձ համար հայրենասիրական, ազգային ու հոգեւոր մղումներն աւելի կարեւոր են, քան «պիզնես» շահը: Թուրքական իշխանութիւնների արած վատութեանը պէտք է պատասխանել նրանց կազմակերպած միջոցառումներն արհամարհելով, որքան էլ այդ միջոցառումը առնչւում է մեր մշակութային ժառանգութեան նմուշներից մէկին», ըսած է զբօսաշրջական գործակալութիւններէն մէկուն ներկայացուցիչը։
Կ՛արժէ նշել, թէ հայկական զբօսաշրջական գործակալութիւններէն քանի մը հատը այս տարի, ամառնային արձակուրդներուն ընդառաջ, արդէն իսկ չեղեալ յայտարարած էին դէպի Թուրքիա շրջագայութիւններ կազմակերպելը:
Հակառակ այս բոլորին, սակայն, որոշ գործակալութիւններ ալ որոշած են իրականացնել դէպի Վան ուղեւորութիւնը՝ միաժամանակ անհրաժեշտ թիւով ուղեւոր չհաւաքելու մտավախութիւնը ունենալով:
Նշենք, որ խաչ չտեղադրելու հանգամանքը էապէս նուազեցուցած է պատարագին նշանակութիւնը ու զայն վերածած գրեթէ իմաստազուրկ ձեռնարկի մը: Իսկ եթէ ճիշդ են այն վերլուծութիւնները, ըստ որոնց, խաչ չտեղադրելու միակ պատճառը՝ Թուրքիոյ մէջ իրականացուած սահմանադրական հանրաքուէն էր, ուրեմն Սեպտեմբեր 19ի նախօրեակին, Աղթամարի գմբէթէն հանուած խաչը պէտք է կրկին իր տեղը վերադարձուած ըլլար արդէն, նկատի ունենալով, որ մինչ այդ թուրք հասարակութիւնը Սահմանադրական հանրաքուէին իր «այո»ն ըսած է արդէն, իսկ հանրաքուէի արդիւնքներուն վրայ խաչի տեղադրումին ունենալիք վտանգը՝ անցած:
Յիշեցնենք, որ հայ հոգեւոր երեք կեդրոնները՝ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանը, որոշած են չմասնակցիլ պատարագին, ինչ որ, բնականաբար, բացասականօրէն կրնայ ազդել պատարագի խորհուրդին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.