Ուքրանացի լեռնագնաց Սէրկէյ Քայֆաճեան յաջողեցաւ մագլցիլ Փամիր լերան 5250 մեթր բարձրութեամբ գագաթը, ուր տակաւին ո՛չ ոք կրցած էր մագլցիլ։ Հայազգի լեռնագնացը գագաթը անուանակոչեց «Շարլ Ազնաւուրի գագաթ»։ Քայֆաճեան մագլցումը իրականացուց 25 Օգոստոսին եւ օգտուելով լերան գագաթին վրայ առաջին ոտք դնողի իրաւունքէն՝ Շարլ Ազնաւուրի անունով մկրտեց զայն։ Գագաթի ամենաբարձր կէտին վրայ զետեղուեցաւ Ազնաւուրի խորհրդանշական դիմանկարը։ Փամիր լեռը ունի 5000 մեթր բարձրութեամբ գագաթ մը եւս, որ նոյնպէս Քայֆաճեանի շնորհիւ, հայկական անուն ունի։ Գագաթը կը կոչուի «Հայաստան»։ Քայֆաճեան այդ գագաթը մագլցած էր 2004ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.