Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան, պատասխանելով գերմանական «Տէօչէ Վելէ» պատկերասփիւռի կայանի հարցումներուն՝ յայտնած է, թէ յառաջիկայ Սեպտեմբեր 19ին պիտի գլխաւորէ հարիւր տարի ետք Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք առաջին պատարագը, նշելով, որ Թուրքիոյ հայերը ոգեւորութեամբ սպասած են այդ պատարագին, սակայն խաչը չտեղադրելու լուրը հայերուն ոգեւորութիւնը կոտրած է։
Սրբազանը յիշեցուցած է, որ նախատեսուած եղած է պատարագէն մէկ շաբաթ առաջ խաչը տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ, եւ աւելցուցած, թէ Թուրքիոյ մէջ Սեպտեմբեր 12ին կայանալիք հանրաքուէին պատճառով, խաչին տեղադրումը անկարելի դարձած է:
Սակայն ան վստահեցուցած է, որ պատարգին օրը մասնակիցները պիտի կարենան տեսնել այդ խաչը, որ պիտի տեղադրուի պատարգէն ետք։ «Վանի նահանգապետը հայ համայնքին խօսք տուած է, որ պատարագէն ետք խաչը անպայման պիտի զետեղուի։ Մինչեւ հիմա կը մտածէինք, թէ հինգ հազար հոգի պիտի մասնակցի պատարագին, սակայն ներկայ իրավիճակը կը սահմանափակէ այցելուներուն թիւը, որովհետեւ պատարգին մասնակցիլ ուզողներուն մէկ մասը հրաժարած է գալէն», աւելցուցած է Արամ արք. Աթեշեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.