«Փանորամա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի բազմաթիւ բնակիչներ մտահոգուած են այն իրողութեամբ, որ Պաքուի Պետական դրօշի հրապարակին վրայ երկրին հսկայ դրօշակը երկրորդ անգամ ըլլալով պատռուած է՝ սոյն դէպքը համարելով «երկինքէն տրուած նշան»։
Ինչպէս պարզուած է, ամրացուած դրօշի պատռուած մասը տոկոսային առումով հաւասար է Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին։ Սնահաւատ քաղաքացիները ատիկա կ՛ընկալեն իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներու՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ վերադարձի յոյսի վերջնական կորուստի նշան։ Անկէ մեկնելով՝ անոնք իրարու ականջին կը շշնջան եւ նամակներ կը գրեն: Նման խօսակցութիւններ շրջառնութեան մէջ են նաեւ Ատրպէյճանի քաղաքական վերնախաւի քուլիսներէն ներս՝ պաշտօնեաներու աշխատասենեակներուն, փոխադրամիջոցներուն, համացանցային կայքէջերուն մէջ։
Շատեր յատկապէս խորհրդանշական կը նկատեն այն, որ «Ատրպէյճանի պանծալի գերդրօշը» պատռուած է ճիշդ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութեան օրը, իսկ ուրիշներ ուշադրութիւն կը դարձնեն այն բանին, թէ ատիկա տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի Պաքու այցելութեան օրը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.