
ՊՈԼԻՍ.- Հակազդելով թրքական իշխանութիւններու՝ մինչեւ Սեպտեմբեր 19 Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ չտեղադրելու որոշումին՝ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը ու Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը անցեալ Շաբաթ օր որոշեցին չմասնակցիլ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագին։
«Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը տարակուսանքով եւ ափսոսանքով տեղեկացաւ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչի տեղադրումը կը յետաձգեն անհիմն պատճառներով։ Մայր աթոռին վստահեցուած էր, որ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագէն մէկ շաբաթ առաջ, եկեղեցւոյ գմբէթին մնայուն կերպով պիտի զետեղուէր օծուած խաչը։ Նկատի առնելով խաչի տեղադրման վերաբերեալ կատարուած հաւաստիացումներուն դրժումը՝ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը, որ ընդառաջելով Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան խնդրանքին, Ս. պատարագին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէր երկու ներկայացուցիչով, կ՛առկախէ անոնց մասնակցութիւնը 19 Սեպտեմբերի Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Ս. պատարագի արարողութեան», կը նշէ Մայր աթոռէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը:
Երուսաղէմի կողմէ պատարագին պիտի մասնակցէր միաբանութեան երէց հոգեւորականներէն Արիս արք. Շիրվանեան: Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի որոշումին լոյսին տակ, Արիս արք. Շիրվանեան «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանին յայտնած է, որ ինք եւս պիտի չմասնակցի պատարագին:
Նշենք, որ 2 Սեպտեմբերին, Վանի նահանգապետ Միւնիր Քարալօղլու, Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի հետ ունեցած իր հանդիպման ընթացքին յայտնած էր եկեղեցւոյ գմբէթին խաչի տեղադրումէն հրաժարելու թրքական իշխանութիւններուն որոշումը։
«Հանդիպման ժամանակ տեղեկացանք, որ թեքնիք պատճառներով կարելի պիտի չըլլայ խաչը տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին մինչեւ պատարագի արարողութիւնը։ Նահանգապետը յայտնեց, որ 200 քիլոկրամ կշռող խաչը տեղադրելը բաւական դժուար գործ է», ըսած էր Աթեշեան՝ աւելցնելով, որ խաչը եկեղեցւոյ գմբէթին պիտի տեղադրուի պատարագէն ետք, իսկ մինչ այդ, անիկա պիտի ցուցադրուի եկեղեցւոյ բոլոր այցելուներուն։
Պոլսոյ պատրիարքութեան Կրօնական ժողովը, տեղեկանալէ ետք թէ թրքական իշխանութիւնները առնուազն մինչեւ Սեպտեմբեր 19, Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցչոյ խաչը պիտի չզետեղեն գմբէթին վրայ, անցեալ Կիրակի օր քննեց պատարագ մատուցելու ծրագիրին գործադրութիւնը եւ որոշեց ի կատար ածել զայն:
Պոլսոյ պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի որոշումին մասին «Մարմարա» թերթը երէկուան իր թիւով հրատարակած է հետեւեալ տեղեկատուութիւնը.
«Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի ու Կրօնական ժողովի համար բաւական ցնցիչ էր տեղեկանալ, թէ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը կը հրաժարէր Աղթամարի արարողութեան մասնակցելէն՝ այս հրաժարումին իբր պատճառ ցոյց տալով եկեղեցիին վրայ խաչին տեղադրուած չըլլալը։ Մայր աթոռը իր հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնէր, թէ իրենց խոստացուած էր խաչը տեղադրել, մինչդեռ հիմա անհիմն պատճառաբանութիւններով կ՛ըսուի, որ կարելի պիտի չըլլայ հասցնել խաչին զետեղումը։
«Անթիլիասի աթոռը արդէն առաջին վայրկեանէն մերժած էր մասնակցիլ այս արարողութեան, իսկ հիմա Սուրբ Էջմիածինն ալ կը մերժէ։ Երկու նուիրապետական Աթոռներուն այս կեցուածքը նեղացուցիչ էր Պոլսոյ պատրիարքարանին համար, մանաւանդ որ Հայաստանի թերթերն ալ Թուրքիան քննադատող ծանր հրատարակութիւններ կ՛ընէին՝ պնդելով, որ Թուրքերը իրենց մորթը կը փոխեն, բայց իրենց մտայնութիւնը չեն փոխեր։
«Ռատիքալ»ի ու «Հիւրրիյէթ»ի նման թերթեր այս մասին իրենց լրատուութեան մէջ Մայր աթոռին կեցուածքը բացատրեցին հետեւեալ տողով. «Եթէ խաչ չկայ, մենք ալ չկանք»։
«Այսօր Պատրիարքարանէն ղրկուած հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք, թէ Կրօնական ժողովը երէկ կէսօրէ ետք ժողով մը գումարեց ու քննարկեց այն նոր կացութիւնը, որ կը ստեղծուէր Մայր աթոռին հրաժարումէն ետք։ Կրօնական ժողովի անդամները քննարկեցին կացութիւնը ու յանգեցան այն եզրակացութեան, թէ յայտագիրը անփոփոխ պիտի պահուի, Աղթամարի արարողութիւնը պիտի կատարուի այնպէս, ինչպէս ծրագրուած էր։ Կը մտածենք, որ այս որոշումը ճիշդ որոշում է։
«Կը թուի, թէ Կրօնական ժողովը այս լուսաբանութիւնը ըրաւ՝ փարատելու համար կարգ մը շրջանակներու այն կարծիքը, թէ արարողութեան մասնակցիլ մերժողը Պոլսոյ պատրիարքարանն է»:
Նշենք, որ Վանի Առեւտուրի ու ճարտարարուեստի տան վարչութեան նախագահ Զահիր Գանտաշօղլու քննադատած է Աղթամարի եկեղեցիին վրայ խաչ չտեղադրելը՝ ըսելով. «Մէկ կողմէ կը խոստանանք, մէկ կողմէ ալ՝ չենք գործադրեր. ասիկա ըլլալիք բան չէ»։ Ան ապա անդրադառնալով Էջմիածինէն եկող հոգեւորականներու մերժման որոշումին՝ աւելցուցած է. «Մարդիկը իրաւունք ունին»։
Ձեզ բան մը ըսեմ , ոչ մէկ տարակոյս ունիմ թէ 19 Սեպտեմբեր թուականին եկեղեցիին խաչը իր տեղը զետեղուած պիտի ըլլայ:12 Սեպտեմբեր թուականին Թուրքիոյ մէջ շատ կարեւոր հանրաքուէ մը կայ, հանրաքուէ էն վերջ խաչը իր տեղ պիտի զետեղուի:
Թուրքին տարած թշնամական ծրագիրները հանդէպ մեր Ազգին,
վէրջ չ’պիտի գտնայ,իսկ մեր Իշխանութեան լռութիւնն ալ վէրջ
չունի, Ս․Խաչ եկեղեցւոյ հարցը արդէն ընդհանուր Ողջ Հայութինը
դէմ էր կանուխէն որ այս մէկը սօսկալի դակարդ մըն էր մեզ,եւ
թշնամիին արդարաձում,պահանջուեցաւ որ դէմ գալով արգիլել
այդ Ուխտագնացութիւնը բայց ափսօս լոութիւնը կրկին տիրեց,
ինչպէս որ տիրած է սահմանի բացումը,այսօր մեր Երկիրը ոչ ծովյա
Երկիր է,ըստ Մ․Ա․Կ․ Կանոնագրին ու Որոշումներուն ծովային
Երկիրները ճամբաները բանան ոչ ծովյա Երկիրներուն առջեւ
որ բարելաւէ իր տնտէսութիւնը,կրկին լռութիւն,պէտք էր դիմէին
Մ․Ա․Կ․ Խորհուրդին եւ ստիպէին ճամբաները բանալու եւ կամ
դիմէին Միջազգային Դատարանին,ԱՓՍՕՍ կրկին լռութիւն,
բայց եւ այնպէս թշնամիին ԳԻՐԿԸ անմիջապէս տեաւորւեցան
մէջտեղ բերին ահրելի ու անիծեալ PROTOCOLNERE ստորագրելով
վտանք բերին Հայրենիքին եւ Հայ Ազգին, տակաւին մինեւ օրըս
ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԵՐԸ կը մնան ինչպէս որ է,ըստ լուռերու
հաղորդման ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԵՐԸ սեղանին վրայ է,որուն
կ’սպասեք թուրքին որ ձեզի ուղղէ??? հազար Ամօթ,Հայ Ազգը ձեզմէ
կը պահանջէ Ստորագրութիւնները
չեղեալ համարուին անմիջապէս, բերեք Ա ․Ժ․մէջ գուէ չ’տալով չի
վաւերացուիր, որովհետեւ հակայ Սահմանադրութեան է,
Ստաբեցէք խորունկ քունեն եւ ՊԱՀԱՆՋԵՑԷՔ ԹՈՒՐՔԵՆ
ՃԱՆՃՆԱՅ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ,ՈԻԼՍԻՆԵԱՆ ՀՈՂԵՐԸ
ՎԷՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՎ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՎՃԱՐԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱՅ
այս բոլորը լի ու լի ձեր պարտականութիւնն է, ՍԱԿԱՅՆ
ՍՓԻՒՐՔԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԿԱՆԿՆԱԾ ՁԵՐ ԿՈՂՔԻՆ ԻԲՐԵՒ ՊԱՐԻՍՊ։
ԿԷՑՑԷ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ՀԱՅ ԱԶԳԻՆ ՊԱՀԱՊԱՆ
ԿԷՑՑԷ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՄԵՆՈՒՐԵԿ
Անունըս է Դաշնակցական,
Գաղափարըս է Յեղափոխական,
Պայգարելու դէպի Փայլոյնոտ Ապագան,
Կերտելու,Ազատ Անկախ,Միացեալ Հայաստան.