ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Լոս Անճելըս Թայմզ»ը Երեքշաբթի օր հաղորդած է, որ Կլենտէյլի քաղաքային իշխանութիւնները արգիլած են «Սքալըրզ Ակադեմիկ Ֆաունտէյշըն» անունով հայկական ամէնօրեայ վարժարանին բացումը՝ առարկելով, որ դպրոցը չունի իր տարածքը իբրեւ դպրոց օգտագործելու արտօնագիր:
Դպրոցի սեփականատէր Անահիտ Գրիգորեանը անցեալ Ուրբաթ օր յայտնած էր, թէ Կլենտէյլի քաղաքային իշխանութիւնները զինք տեղեակ չեն պահած արգելքին մասին:
Քաղաքի տուած որոշումին անդրադառնալով՝ Գրիգորեան յայտնած է, թէ «պարզապէս անօրինական է» անիկա: Վերոնշեալ վարժարանը իր դռները պիտի բանար երէկ, Երեքշաբթի 7 Սեպտեմբերին:
Դպրոցի բացման դէմ դրուած ժամանակաւոր արգելքը իրաւունք չի տար վարժարանի պատասխանատուներուն հաւաքներ, դասաժամեր, խորհրդակցութիւններ կամ դասարանային ուսուցում կատարել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.