ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական լրա-տուական գործակալութիւնները կը հաղորդեն, թէ Ատրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութիւնը՝ «Սոքար»ը չէ բացառած, որ կրնայ ձեռք ձգել Վրաստանի բոլոր քարիւղի եւ կազի խողովակները, որոնց շարքին՝ Ռուսիայէն Հայաստան կազ տեղափոխող խողովակաշարը, որ վերջերս Վրաստանի իշխանութիւններու կողմէ դուրս բերուած էր սեփականաշնորհման ենթակայ չեղող գոյքերու ցանկէն:
«Ատրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութիւնը հետաքրքրուած է Ռուսիան Հայաստանին կապող խողովակաշարի վրացական հատուածի ձեռքբերումով», ըսած է «Սոքար»ի նախագահ Ռովնակ Ապիւլայեւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.