ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի «Խանջեան» սրահին մէջ, Ուրբաթ, Օգոստոս 20ին սկսաւ Հաւաքական անվտանգութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն ոչ պաշտօնական գերաստիճանը, որուն կը մասնակցին Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւ, Ղրղըզստանի նախագահ Ռոզա Օթունպաեւա, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ եւ Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունեց ժողովի մասնակիցները եւ նշեց, որ ՀԱՊԿի այս ձեւաչափով գագաթնաժողովները միշտ եղած են օգտակար, որոնց ընթացքին տարաբնոյթ հարցեր կը քննարկուին:
«Ցանկանում եմ առանձնակի ողջունել Ղրղըզստանի նախագահին, ով առաջին անգամ է մասնակցում ՀԱՊԿի շրջանակներում անցկացուող հանդիպմանը: Մէկ ու կէս տարի առաջ ի յայտ եկաւ արագ արձագանքման հաւաքական ուժերի ստեղծման գաղափարը, որն այսօր ձեւաւորուած է եւ պատրաստ լուծել իր առջեւ դրուած խնդիրները: Վստահ եմ, որ այսօր մենք եւս կարող ենք մտքեր փոխանակել ՀԱՊԿի ներուժի մեծացման հետ կապուած հարցերի շուրջ, նաեւ այն աշխատանքի, որն արւում է կազմակերպութեան պատասխանատուութեան շրջանակներում՝ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար», ըսաւ Սարգսեան, ներկաներուն մաղթելով բեղմնաւոր աշխատանք:
«Գագաթնաժողովը ունի գործնական բնոյթ, աշխատանքի այսպիսի ձեւաչափը արդէն ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը: Կը կարծեմ՝ Երեւանի գագաթնաժողովը նոյնպէս ձեւի արդիւնք պիտի տայ: Այսօրուան օրակարգին վրայ ներառուած են երկու հիմնական հարցեր՝ ՀԱՊԿի կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերը Ղրղըզստանի մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ, եւ ՀԱՊԿի շրջանակներուն մէջ ճգնաժամերու արձագանքման արդիւնաւէտ կառուցուածքի ձեւաւորումը: Բացի ատկէ, պիտի քննարկենք նաեւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի պաշտօնական նստաշրջանի ժամանակացոյցը: Այստեղ չենք պատրաստուիր պաշտօնական փաստաթուղթեր ստորագրել», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.