Թրքական «Հապերիքս» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շուէտի մէջ ապրող թուրքերը աշխուժ քարոզչութիւն կը կատարեն, իրենց ազգակիցներուն խորհուրդ տալով Սեպտեմբեր 19ին նախատեսուած յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին ձայն չտալ ընդդիմադիր Ընկերվար ժողովրդավարական, Ձախ, ինչպէս նաեւ Կանաչներու եւ կենսոլորտի կուսակցութիւններուն։
Նշեալ կուսակցութիւնները յայտարարած են, որ իշխանութեան գալու պարագային, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պիտի տեղափոխեն ՄԱԿի օրակարգ, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի ներառեն Շուէտի մէջ դպրոցական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ։
Վերոնշեալ երեք կուսակցութիւններու ջանքերով, Շուէտի խորհրդարանը Մարտ 11, 2010ին, 131 կողմ եւ 130 դէմ ձայներով վաւերացուց Հայկական Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը։ Բանաձեւին մէջ կը յիշատակուէր նաեւ Պոնտոսի յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.