ՊԱՔՈՒ.- Կալեսի ատրպէյճացի բնակիչ Ջաւիտ Ապպասզատէ Ուրբաթ, Օգոստոս 13ին, «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Քարտիֆի դղեակի վրայ Արցախի հանրապետութեան դրօշակը բարձրացուած է։ «Ամրոցին վրայ տեղադրուած են աշխարհի տարբեր պետութիւններու դրօշակներ, որոնց շարքին Ատրպէյճանինը։ Սակայն երկու օր առաջ առանց որեւէ պատճառի վերցուած է ատրպեճանական դրօշակը, որու փոխարէն տեղադրուած է ղարաբաղեան վարչակարգի դրօշակը», ըսած է Ապպասզատէ։ Քարտիֆի ատրպէյճանցիները կատարուածէն տեղեակ պահած են տեղւոյն իշխանութիւնները եւ դղեակէն վերցուցած Արցախի դրօշակը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.