ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ահմետ Թուրան Ալքան «Աքսիոն» թերթին մէջ ստորագրած է յօդուած մը, որուն խորագրին մէջ ան հարց կու տայ, թէ «ի՞նչպէս կառավարեցինք բռնի տեղահանութեան ենթարկուած հայերուն կալուածներն ու ինչքերը»։ Յօդուածագիրը կը գրէ, որ հինէն ի վեր պատասխան փնտռած է այս հարցումին ու որեւէ պատասխան չէ կրցած գտնել, հակառակ որ ասիկա այլեւս քաղաքական հարց մը չէ, այլ անհատներու սեփականատիրական իրաւունքի հարցն է։ Ի՞նչ ըրինք անոնց լքեալ գոյքերուն մասին, աւելի ճիշդ՝ կրցա՞նք փաստել, թէ վստահելի պահապաններն էինք ուրիշներու կողմէ մեզի աւանդ թողուած իրաւունքներուն։
Ալքան կ՛ըսէ, որ այս մասին միշտ ալ փնտռեց վկայութիւն մը, որ եկած ըլլար պատմաբանէ մը, այն պատմաբաններէն մէկը, որոնց Անգարա կ՛ուզէ յանձնել «1915ի պատահարներու լուսաբանութիւնը»։ Բայց ոչ մէկ պատմաբան այդ մասին բան մը գրած է մինչեւ այսօր։ Ալքան այդ միջոցին լսեր է, որ «9 Սեպտեմբեր» համալսարանի ուսանողներէն Թայֆուն Էրօղլու աւարտական թէզի համար պատրաստած է ուսումնասիրութիւն մը, որ կը կոչուի «Տեղահանութենէն մինչեւ ազգային ազատագրումի պատերազմ՝ հայկական ապրանքները»։ Բայց ինչ մեղք, որ այս համապարփակ ուսումնասիրութեան դէմ արգելք դրուած է հեղինակին ու համալսարանին կողմէ, այսինքն ուրիշները չեն կրնար կարդալ զայն։ Կը նշանակէ, որ այս մասին մէկ ուսումնասիրութիւն միայն կայ, անոր ալ բերանը կղպուած է։
Այդ միջոցին է, որ Ալքան գրավաճառներու մօտ տեսեր է Նեվզատ Օնարանի հեղինակութեամբ «Պելկէ» հրատարակչատան կողմէ հայոց լքեալ գոյքերուն մասին հրատարակուած ստուար ուսումնասիրութիւնը։ Բայց քիչ մը յուսախաբ եղեր է, որովհետեւ այս գիրքին մէջ հեղինակը, թէեւ մեծ թիւով դատական ու իրաւական փաստաթուղթեր կը հրամցնէ, բայց չի պատասխաներ այն հարցումին, թէ հայերու լքեալ գոյքերը ինչ ձեւով կառավարուած են, ինչ ճակատագիր ունեցած են։ Եւ ասիկա զարմանալի չէ, որովհետեւ հեղինակը չէ կրցած տեսնել այն մատեանները, որոնք պէտք է գտնուած ըլլային այս գոյքերուն մասին։
10 Յունիս 1915ին, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հրատարակած էր հրամանագիր մը, ըստ որու, հայկական ապրանքներու ցանկերուն մասին ատենագրութիւններուն մէկ օրինակը պիտի ղրկուէր կուսակալութիւն, մէկ օրինակն ալ պիտի ղրկուէր լքեալ գոյքերու յանձնախումբ։ Եթէ նկատի առնուի, որ այդ թուականներուն 33 նահանգներու մէջ յանձնախումբեր կազմուած էին, առնուազն 66 տոմար պէտք է գոյութիւն ունենայ եւ ասոնք չկան։
Աւագ դեսպան Փուլաթ Թաճեր «Թրքական ֆորում» կայքէջին մէջ այս զարմանալի երեւոյթին մասին արտայայտուելով կը յիշեցնէ, թէ ամէն նահանգի մէջ յանձնախումբ մը կազմուած ըլլալով հանդերձ, փաստաթուղթեր չկան այսօր։ Պնդուած է, որ փաստաթուղթերուն մեծ մասը պատերազմի ընթացքին կորսուած ու հրկիզուած է, իսկ կարգ մը հայեր ու անոնց գաղափարակիցները կը պնդեն, որ այս տետրակները հրկիզուած են Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ։ Հայերը անշուշտ, որ այս պնդումը փաստելու ի վիճակի չեն։ Ըստ օրէնքի, լքեալ գոյքերուն տէրերը երկու կամ չորս ամսուան մէջ պէտք է դիմէին յիշեալ յանձնախումբերուն։
Գրուած է, որ այդ դիմումներու պարագային, ապրանքները իրենց պիտի վերադարձուէին։
Այս բոլորը արգելք չեն որ որոշ շրջանակներ չպնդեն, թէ Թուրքիա այս փաստաթուղթերը եւ այլ նիւթերը կը գործածէ օտարներուն աչքը խաբելու ու երեւոյթները փրկելու համար։
Ալքան, որքան ալ անբաւարար գտնէ Նեվզատ Օնարանի գիրքը, ասիկա առաջին քայլ մը կը նկատէ։
Հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Անշուշտ Անգարա պիտի շարունակէ յայտնել, թէ այդ շրջանին բոլոր միջոցները առնուած էին որպէսզի հայերու իրաւունքները վճարուէին իրենց։ Օրէնքը յստակ էր, հայերը պէտք է դիմում կատարէին, սակայն այդ շրջանին հայերէ գանգատ չլսուեցաւ պիտի ըսուի։
«Հոս խնդրոյ առարկայ է իմանալ, թէ ի՞նչ եղան անհատներու իրաւունքները եւ թէ մենք ալ որքա՞ն վստահելի պահապաններն էինք մեզի վստահուած աւանդներուն», կ՛եզրակացնէ Ալքան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.