
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահի համացանցային կայքէն կ՛իմանանք, թէ նախագահ Բակօ Սահակեան Երեքշաբթի, Օգոստոսի 10ին հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանի հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօր. Եուրի Խաչատուրովի հետ:
Հանդիպումին, որուն ներկայ էր Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, քննարկուած է բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտին մէջ երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: