ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Պելճիքայի հայկական կազմակերպութիւններու դաշնութեան ղեկավար Գէորգ Մինասեան Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11ին յայտարարած է, թէ 2010ի աշնան Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ պիտի այցելեն պելճիքացի խորհրդարանականները, քննելու Պելճիքայի խորհրդարանին կողմէ ԼՂՀ ճանաչման հնարաւորութիւնը:
Անոր համաձայն, հայ համայնքը աշխուժութեամբ կ՛աշխատի պելճիքացի պատգամաւորներու հետ, այդ հարցի ուղղութեամբ: «Պելճիքացի պատգամաւորների այցը շատ կարեւոր է: Չգիտեմ, թէ որքանով մեր նախաձեռնութիւնը յաջողութիւն կ՛ունենայ, բայց պատգամաւորների այցը Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ կարող է միանշանակ մեծ օգուտ բերել գործընթացին», ըսած է Մինասեան՝ նշելով, որ հայ համայնքը սերտ կապեր կը պահպանէ պելճիքացի պատգամաւորներու հետ:
Ան աւելցուցած է, թէ Եւրոխորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը աշնան կրնայ հրապարակել æուղայի յուշարձաններու եւ խաչքարերու սրբապղծումը դատապարտող յայտարարութիւն մը:
Իր կարգին, դաշնութեան համակարգող Շահնուր Մինասեանի համաձայն, ԼՂՀի միջազգային ճանաչման համար Արցախը նախ պետք է ճանչցուի Հայաստանի կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.