«Հայ Կնոջ Տարի…»
ՀՕՄի Փասատինայի «Սօսէ» մասնաճիւղը ունեցաւ աննախադէպ ձեռնարկ մը Չորեքշաբթի, 7 Յուլիս 2010, երեկոյեան ժամը 6ին, Caltech համալսարանի Dabney պարտէզին մէջ:
Ներկայ էին ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան, անդամ ընկերուհիներ Նովա Հինտոյեան եւ Շաքէ Պասմաճեան, ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանային վարչութեան փոխատենապետուհի Արուս Մելքոնեան եւ անդամուհիներ Աստղիկ Շիթիլեան, Անի Կիրակոսեան եւ Մաքօ Սեդրակեան, ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի ընկերուհիներ եւ համակիրներ: Իբրեւ օրուան պատուոյ հիւր հրաւիրուած էր Ռիթա Որբերեան, որ հսկայ աշխատանք տարած է ՀՕՄի վերելքին. ան, ցաւով, հիւանդութեան պատճառով կը բացակայէր, բայց իր սրտին խօսքը կը բաժնեկցէր գրութեամբ:
«Ազգի մը վէմը կինն է,
«Ցեղի մը սիրտը կինն է»:
Ահա այս խօսքերով օրուան հանդիսավար Մարալ Մաթոսեան բացուած յայտարարեց օրուան ձեռնարկը: Բարի գալուստի խօսքէն ետք, ընկերուհին անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի՝ 2010 տարին «Հայ Կնոջ Տարի» հռչակած ըլլալուն, եւ նկատի ունենալով, որ 2010 տարին կը զուգադիպի նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան 100ամեակին՝ ան խօսեցաւ հայ կնոջ տեղին ու դերին մասին՝ հայ կեանքէն ներս, հայ կինը՝ իբրեւ մայր, մտաւորական, հասարակական գործիչ, մտաւորական եւ իբրեւ հայ ժողովուրդի պաշտպան: Յատկութիւններ, որոնք լի ու լի կ՛ամբողջացնեն Հայ Օգնութեան Միութեան վսեմ աշխատանքը:
Յայտագիրը շարունակելով՝ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը ութ նորագիր ընկերուհիներու, որոնցմէ երեքը կը հետեւին իրենց մայրերու օրինակներուն, կնքամայրութեամբ Յասմիկ Տէրտէրեանի, ապա երգուեցաւ ՀՕՄի քայլերգը:
ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի աւանդութիւններէն մէկն է, ամէն տարի Մայիսին, Մայրերու օրուան առթիւ պատուել շարք մը մայրեր. այս տարի յարմար նկատուեցաւ սոյն ձեռնարկին պատուել երկու անզուգական ընկերուհիներ, որոնք սատարած են ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի վերելքին: Այդ երկու նուիրեալ, յարգանքի արժանի ընկերուհիներն են Նովա Հինտոյեան, որուն կենսագրական գիծերը ներկայացուց Մարալ Մաթոսեանը, եւ Յասմիկ Տէրտէրեան, որուն կենսագրական գիծերը ներկայացուց վարչութեան ժրաջան ատենապետուհի Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան:
ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը մեծապէս գնահատելով ընկերուհիներուն տասնամեակներու վրայ երկարող հայրենական եւ համահայկական գործունէութիւնն ու ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղէն ներս իրենց տարած աշխատանքը՝ որոշած է այս երեկոյին զիրենք պատուել մասնաճիւղի գնահատագիրով, միացնելով մեր սէրն ու յարգանքը եւ խորին շնորհակալութիւնները՝ իրենց անցեալին, ներկայի ու գալիք բոլոր տեսակի ծառայութեանց եւ նուիրումին համար:
Ընկերուհիները յուզումով իրենց սրտի խօսքը յայտնեցին:
Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Ատենապետուհիին խօսքով վերջ գտաւ երեկոն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.