(Dry Eye Syndrome)
Ակնաբոյժներու յաճախ լսած գանգատները կապուած են աչքի չորութեան հետ: Այս գանգատներու կարգին են՝ չորութեան զգացումը, արցունքահոսութիւնը, օտար մարմինի մը ներկայութեան զգացումը, քերուըտուքը, մրմրոցը, կարմրութիւնը եւ այլ ախտանշաններ:
Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան տասէն մինչեւ երեսուն առ հարիւրը՝ շուրջ 90 միլիոն անձ, կը տառապի աչքի չորութենէ: Իգական սեռի մօտ աչքի չորութիւնը աւելի սովորական է, մանաւանդ 40 տարեկանէն ետք:
Այս ախտանիշի պատճառը արցունքի բնական բաղադրութեան անհաւասարակշռութիւնն է: Արցունքի ջրոտ մասը, որ մեծամասնութիւնն է, կ՛արտադրուի արցունքի գեղձերուն կողմէ: Թարթիչներու մօտ կը գտնուին meibomian գեղձերու բացուածքը, ուրկէ կու գայ արցունքի ճարպային մասը: Կոպերու ներքին մակերեսը կը պարունակէ goblet բջիջները, որոնք կ՛արտադրեն արցունքի protein մասը. այս արտադրութեան դերը տարբեր բաղադրութիւնները իրարու հետ խառնելն է: Երբ բաղադրիչ մասերէն մէկը պակսի, խառնուրդը կը կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը եւ անհատը կը սկսի գանգատելու:
– Աչքի չորութիւնը արդիւնք է գեղձերէն մէկուն բորբոքման:
Չոր աչքը յաճախ կը յայտնուի որոշ հիւանդութեանց հետ, օրինակ՝ Sjogreu syndrome, Rheumatoid arthritis ու այլ collagen հիւանդութիւններ եւ Acne rosacea: Մարդիկ, որոնք trachoma աչքի հիւանդութիւնը ունեցած են՝ goblet բջիջներու կորուստի պատճառով, աչքի չորութիւն կ՛ունենան:
– Տեսողութիւնը ուղղելու վիրահատումը, ինչպէս նաեւ ակնոցի փոխարէն ոսպնեակ գործածելը աչքի չորութիւն կրնան պատճառել:
– Որոշ դեղեր, ինչպէս՝ antihistamines*, decongestants**, oral contraceptives***, նաեւ հորմոնային փոփոխութիւններ, այս ախտանիշը կրնան յառաջացնել:
Չոր աչքի ախտաճանաչումը հիմնուած է հիւանդի ախտանշաններու եւ բժիշկի քննութեան արդիւնքին վրայ:
Չորութեան դարմանումը բազմակողմանի մօտեցումով կը կատարուի: Նախ՝ ընդհանուր առողջական հարցերը կարելի եղած չափով ուղղել, նաեւ չորութիւն պատճառող դեղերը դադրեցնել, եւ եթէ կարելի է՝ ձկան իւղ ընկալել (omega-3 fatty acids)****:
Անհանգստութեան համար առաջին հերթին պէտք է արուեստական արտասուքի կաթիլներ գործածել. տարբեր պատրաստութիւններ կարելի գտնել շուկայի վրայ, սակայն հիւանդին յարմար կաթիլները պէտք է գտնել. որեւէ կաթիլ չի կրնար նոյն ազդեցութիւնը ունենալ բոլոր հիւանդներուն պարագային: Չոր աչքէ տառապողներու մեծ մասը կը հանգստանան նշեալ կաթիլներով, որոնք մատչելի են եւ դեղագիրի կարիք չունին:
Արցունքը աչքերէն կ՛անցնի դէպի քիթ՝ խողովակով մը, որուն բացուածքը կոպերուն մէջ քիթի կողմը կը գտնուի:
Եթէ կաթիլները բաւարար չեղան, կարելի է այդ բացուծքը փակել «փլասթիք» խցանով մը (plug), որպէսզի աչքը աւելի խոնաւ մնայ:
Դեղորայքի ընկերութիւնները նիւթական մեծ ներդրում կը կատարեն չոր աչքի դարման գտնելու նպատակով: Այս պրպտուքի առաջին արդիւնքն է՝ Restasis կոչուած կաթիլը: Այս կաթիլը սուղ է եւ միայն դեղագիրով կարելի է ստանալ:
Հրաշք դեղ կամ դարման չկայ աչքի չորութեան համար: Սակայն տարբեր միջոցառումներով կարելի է հիւանդները հանգիստ պահել:
* Հակա-հիստամին
** Հակա-այտուցային
*** Հակա-բեղմնաւորիչ դեղահատեր
**** Ճարպաթթու
Շնորհակալ եմ ինֆորմացիայի համար: Երրորդ տարին է ինձ մոոտ աչքի չորություն է. Ախտորոշոմը կատարվել է Երևանի ԳԱՊԵՔՍ աչքի կլինիկայոմ: Ինչպես կարող եմ ձեռք բերել Restasis, և խնդրում եմ հուշել արժեքը 1 ամիս օգտագործելու համար: