ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինի կազմէն փաստաբան Սեդրակ Տավուտհան հաղորդած է, թէ նախաձեռնարկ մարմինը ժամադրութիւն մը խնդրած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութենէն, եւ ըստ այնմ, նախարարը համաձայնած է նախաձեռնարկ մարմինը ընդունիլ Հինգշաբթի, Յուլիս 29ին, երեկոյեան ժամը 4:30ին, Անգարայի մէջ։
Այս նպատակով Անգարա պիտի մեկնին նախաձեռնարկ մարմինի ատենապետ Լեւոն Գուզիկօղլու, փաստաբաններ Սեդրակ Տավուտհան ու Սեպուհ Ասլանկիլ։ Անոնց պիտի ընկերակցի չորրորդ ներկայացուցիչ մը:
Ինչպէս յայտնի է, Պոլսոյ կուսակալութենէն հասած վերջին հրահանգին լոյսին տակ նախաձեռնարկ մարմինը օրինաւոր չէր նկատուած, որովհետեւ նոր պատրիարքի ընտրութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէ այլեւս։
«Մենք կողմնակից եղած էինք, որ Կրօնական ժողովն ու Նախաձեռնարկ մարմինը, յաղթահարելով իրենց նախկին տարակարծութիւնը՝ համաձայնութեան մը գային ու միասնական դիմում մը կատարէին Անգարա, ու բացատրէին, թէ կողմնակից էին ընտրութիւն իրականացնելու։ Նախաձեռնարկ մարմինը շարունակ դէմ եկաւ աթոռակից պատրիարքի գաղափարին՝ դէմ գալով նաեւ իր գոյութեան պատճառին։ Կ՛երեւի, թէ այս անգամ եւս այս դիմումը կատարուած է, առանց Կրօնական ժողովի համամտութեան, ինչ որ անգամ մը եւս կը մտահոգէ մեզ։ Կը մաղթենք, որ Անգարայի այցելութիւնը բան մը եւս չխանգարէ արդէն բաւական կնճռոտած կացութեան մէջ, ընդհակառակը, օգնէ տարակարծութիւններու լուծման», կը գրէ «Մարմարա»։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Պեշիր Աթալա «Յեղաշրջումները քննարկելու խմբակի համաժողով»ի փակումէն ետք, բացատրութիւններ տուաւ համաժողովի ընթացքին կատարուած քննարկումներուն ու ընթացող բարեկարգումներուն կապակցութեամբ։ Նախարարը պաշտպանեց նաեւ այն տեսակէտը, թէ պատահմամբ չէ, որ ահաբեկչութիւնը սաստկացած է այս շրջանին, երբ երկիրը կը պատրաստուի սահմանադրական յեղաշրջումներ ընելու։
Տրուած զանազան բացատրութիւններու կարգին, հետաքրքրական է նաեւ փոքրամասնական վարժարաններու մասին նախարարին մէկ տեղեկատուութիւնը։ Պեշիր Աթալա ըսաւ, որ իր նախարարութիւնը, խորհրդակցելով նաեւ կրթական նախարարութեան հետ՝ արագացուցած է այն աշխատանքները, որոնց շնորհիւ փոքրամասնական վարժարաններու մէջ պիտի կարենան ուսանիլ նաեւ օտարահպատակները։ Նախարարին այս յայտարարութիւնը կարեւոր է, քանի որ յայտնի կը դառնայ, որ այդպիսի աշխատանք մը կայ սեղանին վրայ։ Ինչպէս յայտնի է, այս հարցը օրակարգի եկաւ, երբ խնդրուեցաւ, որ Թուրքիա եկած Հայաստանցի ընտանիքներու զաւակներուն եւս արտօնուի ուսանիլ հայկական դպրոցներու մէջ, որպէսզի անոնք փողոցները չմնան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.