ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական լրատու կայքէջեր կը հաղորդեն, թէ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը, ընթացք տալով Սիվրիհիսարի քաղաքապետութեան դիմումին՝ որոշած էր նորոգութեան ենթարկել Էսքիշեհիրի Սիվրիհիսար գաւառակի Սուրբ Երրորդութիւն հայոց եկեղեցին, որ կառուցուած է 1881ին։
Նորոգութեան աշխատանքը արդէն իսկ սկսած է եւ կը կարծուի, թէ տարեվերջին պիտի աւարտի։
«Անատոլու» լրատու գործակալութեան թղթակիցին համաձայն, լքեալ եկեղեցին երկար ժամանակ գործածուեցաւ իբրեւ շտեմարան ու քսան տարիէ ի վեր լքեալ ու անխնամ վիճակ ունի։ Քարակերտ եկեղեցիին ետեւի կողմը մկրտարան մը կայ, հարաւային կողմը՝ խորհրդարան մը, իսկ երկու կողմերը՝ մէկական զանգակատուն։
Մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած է եկեղեցին վերանորոգել իր բնօրինակին հաւատարիմ ոճով, այնուհանդերձ, կը հաղորդուի, թէ եկեղեցւոյ ներքնամասը պիտի զարդարուի Սիվրիհիսարի շրջանային գորգերով ու նմանօրինակ պատմական նկարներով։ Մուտքի դրան մօտերը գտնուող արժէքաւոր քանդակները, չգողցուելու համար, վերցուեցան ու պահուեցան քաղաքապետութեան կողմէ։
Նորոգութեան աւարտին, եկեղեցին պիտի գործածուի իբրեւ մշակութային կեդրոն ու բաց պիտի ըլլայ բոլոր զբօսաշրջիկներուն համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.