ԷæՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Յուլիս 24ին, Հայաստանի Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ մեկնած է Աֆղանիստան:
Մայր աթոռի մամլոյ դիւանին համաձայն, Աֆղանիստանի մէջ Վրթանէս սրբազանը պիտի կատարէ հայկական մատուռի մը օրհնութեան կարգը:
Նշեալ մատուռը անցած քանի մը ամիսներուն ընթացքին կառուցուեցաւ Քունտուզ նահանգին մէջ տեղակայուած Հայաստանի խաղաղապահ զօրախումբին ջանքերով:
Սրբազան հայրը զօրախումբին պիտի փոխանցէ նաեւ վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնն ու գնահատանքը, ինչպէս նաեւ՝ աղօթատեղիի լիարժէք գործունէութեան համար անհրաժեշտ՝ Ս. Էջմիածինին կողմէ ընծայաբերած եկեղեցական պարագաները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.