ՊԵԼ, Քալիֆորնիա, «Լոս Անճելըս Թայմզ».- Հինգշաբթի, Յուլիս 22ի կէսգիշերը աւարտած Պելի քաղաքապետական խորհուրդի ժողովէն ետք յայտարարուեցաւ, թէ տարեկան մօտաւորապէս 800,000 տոլար (կամ նախագահ Օպամային տարեկանին երկու անգամը) գանձող քաղաքին գործավարը, ինչպէս նաեւ 376,288 տոլար գանձող անոր օգնականը եւ 457,000 տոլարով վարձատրուող ոստիկանապետը հրաժարած են իրենց պաշտօններէն՝ անոնց զեխ վարձատրութեանց բացայայտման պատճառաւ ծագած ժողովրդային բողոքի ալիքին տեղի տալով:
Քաղաքապետական խորհուրդին 5 անդամներէն չորսը, որոնք իրենց մասնաժամ աշխատանքին համար մօտաւորապէս 100,000 տոլար կը գանձեն, կրնան նմանապէս պաշտօնազուրկ ըլլալ: Յատկանշական է, որ այս հսկայական վարձատրութիւնները շնորհելը կարելի եղած է 40,000 բնակչութիւն ունեցող այս քաղաքին մէկ արտակարգ ընտրութեան հետեւանքով՝ քաղաքապետական խորհուրդին ապահոված իրաւասութեամբ մը: Այդ բանաձեւը վաւերացուած էր միայն 366 քուէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.