Հոգելոյս Սմբատ արք. Լափաճեանի վերջին օծումն ու թաղման կարգը տեղի պիտի ունենան Երկուշաբթի, Յուլիս 26ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ։ Ս. պատարագը պիտի մատուցանէ, թաղման կարգի արարողութեան պիտի հանդիսապետէ եւ վերջին օծումը պիտի կատարէ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։ Ս. պատարագը տեղի պիտի ունենայ կ.ա. ժամը 10։30ին, իսկ վերջին օծումը՝ ժամը 11ին:
Արամ Ա. կաթողիկոսի յատուկ արտօնութեամբ եւ համաձայն հոգելոյս սրբազանին փափաքին, թաղումը պիտի կատարուի Ս. Խաչ Մայր տաճարի շրջափակին մէջ, այն տաճարին, որուն յարկին տակ կերտուեցան անոր ծառայական գործունէութեան վերջին տասնամեակները։
Նախօրեակին, Կիրակի, Յուլիս 25ի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ տան կարգը։ Երեկոյեան ժամը 5էն 9, մեր ժողովուրդին առիթ պիտի տրուի վերջին յարգանքը մատուցելու վախճանեալ սրբազանին։
Յիշեալ արարողութեանց ու համապատասխան դասաւորումներու, առաջնորդին գլխաւորութեամբ կազմուած է թաղմանական յատուկ յանձնախումբ մը, որուն անդամներն են՝ Եփրեմ արք. Թապագեան, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, Խաժակ Տիքիճեան, Լեւոն Կիրակոսեան եւ տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան։
Յայտնենք, որ վախճանեալ սրբազանին յիշատակին, Ս. Խաչ Մայր տաճարի հովանիին տակ պիտի հաստատուի «Սմբատ Արք. Լափաճեանի Յիշատակի Հիմնադրամ» մը, որ պիտի յատկացուի թեմին մէջ նոր քահանաներու պատրաստութեան։
Ժողովուրդը հրաւիրուած է մասնակցելու յիշեալ արարողութեանց ու աղօթակից ըլլալու հոգելոյս սրբազանի հոգւոյ խաղաղութեան համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.