Պատրիարքական ընտրութեան երեք գլխաւոր թեկնածուներէն Գերմանիոյ հայոց առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեանէն «Մարմարա» ստացած է նամակ մը, ուր սրբազան հայրը դիտել կու տայ, որ շատեր շարունակ իր կարծիքը կը հարցնեն պատրիարքական ընտրութեան վերջին զարգացումներուն մասին եւ ինք ալ նախընտրեց բոլորին պատասխանել բաց նամակով մը։ Բաց նամակը ղրկուած է հարցով հետաքրքրուող քանի մը հայկական թերթերու։
Տրուած ըլլալով որ նիւթը արժանի է կարծիքի ազատութեան սկզբունքով հրապարակային քննարկումի, ստորեւ «Մարմարա»յէն կ՛արտատպենք առաջնորդ սրբազանին բաց նամակը։
Բաց նամակ առ Հոգեշնորհ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան
եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան
Ատենապետ եւ Ատենադպիր Եկեղեցական Համագումարի
Գումգաբու
Սիրելի Հայր Սուրբ եւ Տէր Հայր,
Վերջերս Պոլսոյ Պատրիարքարանի մէջ գումարուած Եկեղեցական Համագումարի արդիւնքը կը տեղեկացնէիք 5 Յուլիս 2010 թուակիր ինծի ուղղեալ ձեր նամակով, որուն պարունակութիւնը մտքիս մէջ կը յառաջացնէ կարգ մը հարցումներ: Զանոնք կ՛ուղղեմ ձեզի, սպասելով պատասխաններուն վասն լուսաբանութեան, քանի որ ես ալ մաս կը կազմեմ Եկեղեցական Համագումար ժողովին՝ որպէս Պոլսոյ Աթոռին միաբան:
1.- Ձեր նամակին մէջ կը պարզուէր, որ «Աթոռակից Պատրիարքի Ընտրութեան» համար կատարուած դիմումին պատասխան մը եկած է 29 Յունիս 2010 ին եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը միաձայնութեամբ որոշած է 1 Յուլիսին ընտրութիւն կատարել:
Նախ հարց է թէ ի՞նչ է պատճառը ընտրութիւն կատարելու այս արագութեան: Կա՞ր արդեօք հանրութեան անծանօթ հիմնաւորում մը, որ ստիպէր Կրօն. Համագումարը աներեւակայելի աճապարանքով հրաւիրելու եւ առնելու քայլեր, անտեսելով ամէն պատշաճութիւն: Վերջապէս ընտրութիւն կատարելու ժամկէտ մը չէր դրուած կուսակալութեան պաշտօնագրին մէջ:
2.- Անձնապէս պետական պաշտօնագիրն ալ աչքէ անցնելէ ետք հաստատեցի որ հոն չէր ընդգծուած թէ ընտրութիւնը ո՞վ պիտի կատարէ: Ուստի հարց է, թէ ինչո՞ւ միայն Կրօնական Ժողովը նախաձեռնած է անոր եւ համայնքի ոչ ուրիշ ներկայացուցիչները եւս:
3.- Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին նախապէս տեղեակ եղա՞ծ է առնուելիք քայլէն, նկատի ունենալով որ ան Հայց. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Կեդրոնն է եւ առնուա՞ծ է համապատասխան խորհուրդն ու հաւանութիւնը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, նախքան ընտրութիւնը: Տեղական իրաւասութիւնները ինչ որ ալ ըլլան, գէթ ի հոգեւորս կապ մը գոյութիւն ունի Ս. Էջմիածնի հետ եւ Պոլսոյ Նուիրապետական Աթոռը այդ կապը գուրգուրանքով եւ յարատեւօրէն պահած է մինչեւ մեր օրերը:
4.- Մեզի ծանօթ ընտրութեան ձեւը մէկէ աւելի թեկնածուներով կը կատարուի: Ներկայացա՞ծ էին արդեօք ուրիշ թեկնածուներ ալ: Արդեօք դիմուած եւ մերժո՞ւմ ստացուած էր տարբեր թեկնածուներէն:
Այսօր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը ծառայութեան եւ պարտականութեանց բերմամբ ունի կարգ մը հոգեւորականներ, որոնք Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայրենակիցներ եղած են եւ կը պաշտօնավարեն արտասահմանի մէջ: Մեր համոզմամբ բացի Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան եւ Տ. Սեպուհ Եպս. æուլճեանէ, որոնք արդէն Պատրիարքական հաւանական ընտրութեան թեկնածուներ էին, նաեւ Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան, Տ. Վիգէն Արքեպս. Այքազեան եւս օրինական թեկնածուներ կրնային ըլլալ «Ընդհանուր Փոխանորդի» ընտրութեան: Բարոյական կամ օրինական ո՞ր մէկ սկզբունքով խլուած է վերոյիշեալ բարձաստիճան հոգեւորականներու բնական իրաւունքը:
5.- Պատրիարքութեանդ պատկանող եկեղեցական օրացոյցին մէջ Պատրիարքութեանդ հոգեւորական դասուն մաս կը կազմէ Սահակ Մաշալեան եւ Գարեգին Պեքճեան Սրբազանները եւս: Համագումարի մը պարագային ի՞նչ է պատճառը որ չեն հրաւիրուած այս Սրբազանները: Եթէ չեն հրաւիրուած, նետուելիք քայլէն գէթ տեղեակ պահուելու արժանի չէի՞ն անոնք, որպէսզի կարենային իրենց տեսակէտն ու կամքը արտայայտել: Անձնապէս շնորհակալ եմ որ յիշած էք զիս կատարուածէն տեղեակ պահելով, բայց ի՞նչը կ՛արգիլէր ձեզ նախապէս դիմելու մեր կարծիքին եւս:
6.- Ծանօթ էր, թէ Գարեգին ու Սեպուհ Սրբազանները Պատրիարքական ընտրութիւններուն պաշտօնապէս թեկնածու ներկայացած էին, նոյնինքն Պատրիարքութեան հրաւէրով: Ինչո՞ւ նոյն առաջարկը չէ կատարուած այս զոյգ Սրբազաններուն եւս: Պատրիարք ընտրուելու իրաւունք ունեցող Սրբազանները, իրաւունք չունէի՞ն արդեօք պետականօրէն առաջարկուած պաշտօնին: Վերջապէս պետական պաշտօնագրին մէջ ընտրութեան համար թիւ մը կամ անուն մը չէ յիշուած:
7.- Պատրիարքական պաշտօնական փոխանորդը Շահան Սրբազանի փոխանորդութենէ հրաժարականը ո՞վ ընդունած է, քանի որ այդ պաշտօնին վրայ նշանակումը կատարուած է Մեսրոպ Պատրիարքին կողմէ: Պաշտօն տուողին իրաւասութեան մէջն է հրաժարական մը ընդունիլ:
8.- Իսկ ինչ կը վերաբերի «Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ»ի եկեղեցւոյս մէջ ստեղծուած նորայայտ այս պաշտօնին, ի՞նչպէս իւրացուած է Համագումար Ժողովէն, երբ գիտենք որ եկեղեցական պաշտօնները կը ստեղծուին Ամենայն Հայոց Հայրապետի գլխաւորած խորհուրդէ մը: Ըստ եկեղեցական կարգ ու կանոնին եւ աւանդութիւններուն, եկեղեցւոյ որեւէ միաւորի մը թոյլատրուած չէ եկեղեցւոյ մէջ կանոններ հաստատել կամ վերցնել, ինչպէս նաեւ նորութիւններ ստեղծել կամ եղած կարգ ու կանոնը զեղչել:
9.- Ստեղծուած այս պաշտօնը սահմանուա՞ծ է արդեօք. այսինքն իրաւասութեան սահմանները ճշդուա՞ծ են յստակ կերպով մեր եկեղեցւոյ որեւէ կանոնագրքին մէջ:
10.- Ընտրութենէն առաջ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ կատարուած ժողովի ընթացքին յայտարարուած է, որ «պետական պաշտօնագիրը այս կը հրահանգէ մեզի, ուստի ընելիք ուրիշ բան չկայ»: Իսկ եթէ պետական պաշտօնագիրը հրահանգէր, թէ «այլեւս հայերը պէտք չունին Պատրիարքի ու Պատրիարքութեան» Եկեղեցական Համագումար Ժողովը նոյն խաղաղութեամբ պիտի հնազանդէ՞ր եւ պիտի չգործածէր առարկելու իր իրաւունքը, նկատի ունենալով Թուրքիոյ Հայոց պատմական իրաւունքները, որոնք Լոզանի Դաշնագրով ալ հաստատուած են:
Կատարուած ընտրութեան մասին իմ կարծիքը հարցնողներուն աւելի տարբեր պատասխան մը տալու կարելիութիւնը կրնամ ունենալ միայն այն ատեն, եթէ Պատրիարքարանի պատասխանատուներէն ունենամ յստակ պատասխաններ վերոյիշեալ հարցերուն: Այստեղ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ իմ կողմէ եւ բազմաթիւ ուրիշներու լուսաբանութեան համար տրուած հարցերը չեն վերաբերիր Գերշ. Արամ Սրբազանի անձին: Մենք իր նկատմամբ որպէս մեր եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եկեղեցականներէն մէկը սէր ու յարգանք ունինք, որով մեր նպատակը զինք վիրաւորել չէ որեւէ ձեւով:
Կ՛արժէ յիշեցնել նաեւ, որ Եկեղեցական Համագումար Ժողովի որոշման մէջ եթէ կեցուածքի խախտում մը կայ, վստահ կրնաք ըլլալ որ երբեք անհետեւանք չի մնար, մանաւանդ եթէ եկեղեցւոյ ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է: Մենք հասարակ մահկանացուներս եթէ նոյնիսկ աչք փակենք, Տէրը անպայման կը միջամտէ եւ պատասխանատուները կը ստիպէ հաշուեյարդարի:
Մնամ ողջունիւ սիրոյ
եւ աղօթարար՝
Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան
Առաջնորդ Հայոց Գերմանիոյ
Քէօլն, 7 Յուլիս 2010