Ամերիկեան քաղաքացիական իրաւանց միութեան պահանջքով հանրութեան տրամադրելի դարձած Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան ուժերուն դէմ վնասուց հատուցման դիմումներէն քանի մը հատը թարգմանաբար կը հրատարակենք ստորեւ՝ պատերազմներու ականտես այդ երկիրներու փողոցներէն տպաւորութիւններ փոխանցելու փորձով: 2005էն 2007ի միջեւ, աւելի քան 800 նման դիմումներ կատարուած են:
ՊԱՂՏԱՏ.- Ամուսինս իր ինքնաշարժը կը քշէր («Քիա» վաճառանիշով): Բազմազգային ուժէն զինուորներ կրակ բացին անոր վրայ՝ պատճառ դառնալով անոր սպանութեան, եւ վնասներ հասցնելով ինքնաշարժին: Վնասուց հատուցում կ՛ուզեմ սպաննուած ամուսնոյն համար՝ 3000 տոլար. ինքնաշարժին կրած վնասներուն համար՝ 6000 տոլար:
ՊԱՂՏԱՏ.- Չորս ուղղաթիռներ կը հալածեն անձ մը, որ ինքնաշարժով ագարակ մուտք կը գործէ: Ուղղաթիռները կրակ կը բանան անոր վրայ. շրջանին մէջ կան ոստիկանական շուներ: Կինս աղմուկ լսելով՝ դուրս կու գայ իր զաւակները փնտռելու, երբ անոր վրայ շուները կը յարձակին: Զինուորները կը փորձեն փրկել զայն, սակայն ան կը մահանայ հալածուող անձին հետ միատեղ, զանոնք հիւանդանոց փոխադրող ուղղաթիռին մէջ: Միայն երկու ամիս ետք, հիւանդանոցի մը մէջ կրնամ գտնել կինս (անոր դիակը), որուն համար վնասուց հատուցում կը պահանջեմ:
ՔԱՊՈՒԼ.- Տղաս կառքի մը վրայ խմորեղէն կը ծախէր: Լսեցի, որ արկած մը տեղի ունեցած է եւ վազեցի անոր մօտ: Երբ անոր կ՛օգնէի, որ ապրանքները վերցնելով այդ վայրէն հեռանայ, ամերիկեան զինուորական ինքնաշարժէ մը կրակեցին մեր ուղղութեամբ, եւ փամփուշտ մը մտաւ տղուս քիթէն ու դուրս եկաւ անոր գլխուն ետեւի մասէն: Ան մահացաւ: 13 տարեկան էր: Ընտանիքիս եկամուտի միակ աղբիւրն էր: Ես չեմ կրնար աշխատիլ՝ թալեպաններու մէկ յարձակումին ընթացքին վիրաւորուած ըլլալուս պատճառով:
ՊԱՂՏԱՏ.- Ամերիկեան ուժերը կը յարձակին անոր բնակարանին վրայ: Ան դուռը կը բանայ առաւօտեան ժամը 5ին: Զինուորները զինք ու իր դուստրը մէկ կողմ կը պահեն, ապա կը բռնեն անոր մեծ տղան ու տոպրակով մը կը ծածկեն գլուխը: Փոքր տղան փախուստ տալով՝ կը բարձրանայ դրացիին տանիքը, ուր ան կը սպաննուի 11 փամփուշտներով:
ԽԱՐԱԿՈՒԼ, Իրաք.- Ամուսինս այգի գնաց աղմուկ լսելէ եւ լոյսեր տեսնելէ ետք: Դաշնակից ուժերու զինուորներ զինք սպաննեցին հոն եւ ինծի քիչ մը բրինձ ու այլ նուէրներ տուին՝ ներողութիւն խնդրելով: Ես վնասուց հատուցում կը պահանջեմ:
ՊԱՂՏԱՏ.- Ամուսինս սպաննուեցաւ, երբ բազմազգային ուժէն զինուորներ անոր ինքնաշարժին վրայ կրակ բացին, առանց որեւէ պատճառի: Ան մահացաւ հիւանդանոց հասնելէ ետք: Այդ պատճառով վնասուց հատուցում կը պահանջեմ: Ամուսնոյս սպանութեան արեան գինը 4000 տոլար է: