ԱՆՏԻՈՔ, «Արմէնփրէս».- Ըստ թրքական «Սապահ» թերթին, Անտիոքի Սամանդաղ կոչուած շրջանին կից, Եողուն Օլուք գիւղի շուրջ 350 տարեկան հայկական 6 եկեղեցիներէ բաղկացած համալիրին վրայ, «1915-1920ական թուականներուն գիւղէն հայերու հեռանալէն ետք» բնակութիւն հաստատած թուրքերուն կողմէ, 1940ին կառուցուած է մզկիթ մը, որ այժմ կը գործէ իբրեւ աղօթատեղի:
Գիւղացիները պատմած են, որ մզկիթը հայկական եկեղեցւոյ վրայ կառուցելուն պատճառ դարձած է «մզկիթ կառուցելու համար դրամ չունենալը», հետեւաբար, հայկական եկեղեցին մէկ տարի շարունակ օգտագործուած է իբրեւ մզկիթ: Այնուհետեւ, 6 եկեղեցիներու համալիրին վրայ անոնք կառուցած են մզկիթը, որուն տակ գտնուող եկեղեցիները գիւղացիները օգտագործած են իբրեւ խոտի պահեստ, ախոռ եւ պահեստարան:
Գիւղացիները նաեւ յայտնած են, որ «Ուրախ պիտի ըլլան, եթէ եկեղեցին բացուի իբրեւ հայերու աղօթատեղի»: Թրքական թերթը յայտնած է, որ ժամանակին Անտիոք (1940էն ի վեր՝ թրքական Հաթա) ժամանած ուխտաւորներու հետ միասին ժամանած է նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը:
Նշենք, թէ հայկական 6 եկեղեցիներուն գիւղը կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ մնացած միակ հայկական Վաքըֆ գիւղի հարեւանութեամբ: Վաքըֆի հայ բնակիչները նոյնպէս ըսած են, թէ Եողուն Օլուքի եկեղեցին պէտք է բացուի արարողութիւններու համար: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են, անհրաժեշտութեան պարագային՝ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու, եկեղեցին նորոգելու նպատակով:
Նշենք նաեւ, որ եկեղեցին զարդարուած է քարի վրայ նուրբ զարդանախշերու փորագրութիւններով, ինչպէս նաեւ հայերէն գրութիւններով: Եկեղեցիներու համալիրը կառուցուած է առողջ հիմքի եւ սիւնազարդ բազմաթիւ կամարներու վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.