ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իր բնոյթով թատերգութեան բաւական մօտ եղող քաղաքական կեանքը բնական է, որ ծնունդ պիտի տայ նաեւ թատերական ձիրքերով հարուստ դերակատարներու: Ականատես եղած ենք նաեւ բեմէն կամ շարժապատկերի պաստառէն քաղաքական հարթակ բարձրացող (կամ իջնող) դերասաններու:
Առայժմ իր ձիրքերը միայն քաղաքական կեանքին պահող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, հաւանաբար իր քաղաքական ասպարէզէն ետք այլ արահետները գտնելու նպատակով, երբեք չի դադրեցներ իր դերասանական ձիրքերը աւելի եւս սրելու աշխատանքը:
Այս ծիրէն ներս, ան Երկուշաբթի օր անգամ մը եւս զարմանք յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգները ինչո՞ւ տակաւին լուռ կը մնայ Կազա ուղղուող «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին վրայ իսրայէլեան յարձակումին դիմաց, հակառակ այն իրողութեան, որ վարչապետը ի՛նք լուռ մնալու պատգամներ կը շարունակէ ստանալ Ուաշինկթընէն:
«Չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգները լուռ կը մնայ: Չէ՞, որ իսրայէլացի զինուորներուն սպաննած գործիչներուն մէջ էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Ֆուրքան Տողանը։ Թերեւս անոնք Տողանին թրքական ծագում ունենալուն պատճառո՞վ կը լռեն», ըսած է ան՝ Պելճիքա իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին:
Ըստ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, Էրտողան նաեւ սուր կերպով քննադատած է Եւրոպական Միութեան անդամ կարգ մը երկիրներ, որոնք կը մերժեն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամները յանձնել Թուրքիոյ։