Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան գործադիր յանձնախումբի անդամ Նեպիլ Շաաթ, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Նիւ Եորքի մէջ Չորեքշաբթի օրուան հանդիպման՝ յայտնեց, որ անիկա անուղղակի բանակցութեան համար բարիք մը չ՛աւետեր, պաղեստինցիներուն կեանքը չի դիւրացներ եւ կը հակասէ պաղեստինեան ու արաբական բոլոր պահանջներուն. հոն միայն բնակեցման աշխատանքները դադրեցնելու խոստումներ կան։
Երէկ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի հետ իր հանդիպումէն ետք, Շաաթ յայտնեց, որ ուղղակի բանակցութիւններու անցնելու համար հարկ է բնակեցման վայրերու աշխատանքներու ամբողջական դադրեցման նկատմամբ՝ Իսրայէլի յանձնառութեան մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրել, բան մը, որ միայն մասնակի կերպով իրականացուած է։
Շաաթ նշեց, որ Կազայի կացութիւնը չբարելաւուեցաւ եւ Կազան Իսրայէլին կապող անցքերու հարցը յառաջդիմութիւն չարձանագրեց: Ան աւելցուց, որ Ամր Մուսայի հետ հանդիպումը կեդրոնացած էր Կազայի շրջափակումին վերջ տալու կարեւորութեան եւ պաղեստինեան միասնականութիւն յառաջացնելու լուրջ աշխատանքին վրայ, «որովհետեւ առանց միասնականութեան, իսրայէլեան բռնագրաւումն ու շրջափակումը դիմակայելու կարող ուժ մը պիտի չգոյանայ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.