Թրքական լրատուամիջոցները Երկուշաբթի օր հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու զգուշացուցած է, որ Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ դիւանագիտական յարաբերութիւնները պիտի խզուին, եթէ որոշ պայմաններ չյարգուին։
Տաւութօղլու շաբաթ օր Ղրղզստան իր այցելութեան ընթացքին լրագրողներու յայտնած է, որ «Իսրայէլացիները երեք ընտրանք ունին՝ ներում պիտի հայցեն կամ ճանչնան միջազգային անկողմնակալ հետաքննութիւն մը եւ անոր եզրակացութիւնը։ Այլապէս, մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները պիտի խզուին»։
Թուրքիա նախապէս յայտնած էր, որ նախքան Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելը, Իսրայէլ պէտք է ներում հայցէ, զոհերուն փոխհատուցում վճառէ եւ դէպքին շուրջ միջազգային հետաքննութիւն մը արտօնէ։ Իսրայէլ կը մերժէ այդ պայմանները։
Տաւութօղլու յայտնած է, որ «Մենք իրենց ելք մը ցոյց տուինք։ Եթէ իրենց հետաքննութեան եզրակացութեան իբրեւ արդիւնք ներում հայցեն, այդ մէկը կ՛ընդունինք։ Սակայն անշուշտ նախ պիտի տեսնենք զայն»։
«Անոնք տեղեակ են մեր պահանջներէն։ Եթէ ներում հայցել չեն ուզեր, ապա պէտք է միջազգային հետաքննութիւն մը ընդունին», ըսած է ան։
Տաւութօղլու ակնարկած է, որ Թուրքիա կրնայ Իսրայէլի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատել, եթէ մերժէ Թուրքիոյ պայմաններուն ենթարկուիլ։ «Եթէ քայլեր չառնուին, մեկուսացման գործընթացը պիտի շարունակուի», ըսած է ան։
Նշենք, որ իսրայէլացի նախարար Պենիամին Պեն Էլիազար, Ուրբաթ օր հերքեց թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին այն լուրը, թէ Տաւութօղլուի հետ անցեալ շաբթուան իր գաղտնի հանդիպման ընթացքին ան նշած է, թէ Իսրայէլ վերատեսութեան կ՛ենթարկէ Միջերկրական ծովու մէջ միջադէպին համար ներում հայցել եւ փոխհատուցում կատարել մերժող իր կեցուածքը։
«Մենք այդ մէկը կատարելու որեւէ ծրագիր չունինք, եւ նախարարը երկու օր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ իր հանդիպման ընթացքին այդ առումով ոչինչ խոստացաւ», նշեց Պեն Էլիազարի գրասենեակը։
Միւս կողմէ՝ իսրայէլեան «Ճերուզալէմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւնները հրաժարած են Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համատեղ որոնում-փրկարարական ռազմափորձերէն, որոնք նախատեսուած էին այս տարուան Օգոստոսին, Միջերկրական ծովուն վրայ։
Օրաթերթը կը նշէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռազմափորձերէն պաշտօնապէս հրաժարած է։
Երուսաղէմի մէջ քաղաքական աղբիւր մը Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները խզելու մասին խօսքերը անընդունելի են, նշելով, որ հակառակ տարիներու ընթացքին երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած տարբեր զարգացումներուն, Թուրքիա ոչ իսկ անգամ մը խզած է Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները։
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Իսրայէլ խաբանարարներով եւ խուլիկաններով բեռնաւորուած նաւ մը ուղարկող կողմը չէր, այլ այդ մէկը ընողը Թուրքիան էր, ուստի պէտք է այդ քայլին համար ներում հայցէ։
Քաղաքական աղբիւրը յայտնեց, որ Իսրայէլ հետաքրքրուած է Թուրքիոյ հետ սերտ յարաբերութեանց իրենց նախկին վիճակին վերադարձով, նշելով, որ գնդակը ներկայիս կը գտնուի թրքական դաշտին վրայ, եւ թէ Իրանի, Սուրիոյ ու Հիւսիսային Քորէայի հետ նոյն կիսադաշտին վրայ գտնուիլը Թուրքիոյ շահերէն չի բխիր, որովհետեւ այդ հարցը կրնայ վերջ տալ թրքական հանրապետութեան հիմնադիր Աթաթուրքի տեսլականին, եւ վերջ տալ նաեւ արեւելքին եւ արեւմուտքին միջեւ իբրեւ կամուրջ՝ Թուրքիոյ իւրայատուկ դերին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.