ԾԱՂԿԱՁՈՐ, «Արմէնփրէս».- Նախաձեռնութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Յուլիս 3ին Ծաղկաձորի Գրողներու տան մէջ սկaսաւ «Արեւմտահայերէնի ուսուցման վիճակը Սփիւռքում» համահայկական համաժողովը, որուն նպատակն էր բացայայտել Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման հետ կապուած հիմնախնդիրները, կառուցողական քննարկումներու եւ վերլուծութիւններու միջոցով գտնել անոնց լուծման ուղիները, մշակել նպաստող ծրագիրներ եւ քննարկել արեւմտահայերէնի միասնական դասագիրքի ստեղծման հնարաւորութիւնները:
Իր բացման խօսքին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՄՆէն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Սուրիայէն, Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն եւ Երեւանէն ժամանած արեւմտահայերէնի մասնագէտներուն եւ նշեց, թէ Սփիւռքի մէջ այսօր կ՛ուսանի աւելի քան 170 հազար հայ աշակերտ, եւ արդէն հրամայական դարձած է համահայկական դասագիրքերու ստեղծումը, որուն առանցքը պիտի դառնայ նշեալ հանդիպումը։
Ընդգծելով, որ լեզուն տագնապի մէջ է՝ տիկին Յակոբեան առանձնացուց ուսուցիչի եւ դասագիրքերու կարեւորագոյն դերը հայ աշակերտին մայրենին ուսուցանելու գործին մէջ: «Մեր ժողովուրդն իր տեսակով միշտ էլ ուսուցչապաշտ է եղել: Ուսուցիչն է, որ անձնուրաց նուիրումով եւ անվեհեր հայրենասիրութեամբ սերնդեսերունդ հայ մանուկին է փոխանցում Մաշտոցեան գիրը, Նարեկի ու Աբովեանի գրականութիւնը: 2010 ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը յայտարարել է Մայրենիի տարի, եւ ինձ հիացրել են տարուայ շրջանակներում դպրոցներում կազմակերպուած շարադրութիւնների արդիւնքները, հայրենիքը, մեր լեզուն եւ մշակոյթը հայ մանուկի աչքերով», յայտնեց Հ. Յակոբեան:
Ան կարեւոր համարեց նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) սփիւռքագիտութեան ամպիոնի հիմնադրումը, նշելով, որ ամպիոնի հիմնադրումով Սփիւռքագիտութիւնը դարձած է մասնագիտութիւն։
Ելոյթի աւարտին նախարարը կոչ ըրաւ մէկ կողմ դնելու մասնագիտական տարաձայնութիւնները եւ համախմբուիլու՝ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն նախակրթարան, միջնակարգ եւ միջին մէկօրեայ ու ամէնօրեայ դպրոցներու համար մայրենիի դասագիրքեր պատրաստելու մէկ ընդհանուր գաղափարին շուրջ, նաեւ սփիւռքեան փորձով, զեկոյցներով ու կառուցողական առաջարկներով սկիզբ դնելու այդ դժուար եւ շնորհակալ գործին:
Եռօրեայ համահայկական համաժողովի առաջին նիստին, զեկոյցներով հանդէս եկան Գանատայի ՄըքԳիլլանի համալսարանի լեզուաբան Տորա Սաքայեան, ԱՄՆէն ժամանած լեզուաբան Գէորգ Պարտաքճեան, ԵՊՀ լեզուաբանութեան ընդհանուր ամպիոնի վարիչ, լեզուաբան Նազիկ Յարութիւնեան եւ ուրիշներ:
Համաժողովին ներկայ էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Հայկական հեռավար համալսարանի (ՀՀՀ) հիմնադիր եւ տնօրէն Երուանդ Զօրեան, որ ներկայացուց համալսարանի կրթական համակարգի հնարաւորութիւնները եւ ուսումնական ծրագիրները: Ան նշեց, թէ ՀՀՀի նպատակն է օգնել ուսանողին՝ առցանց կրթութեան միջոցով ձեռք բերելու հայագիտական առարկաներու հիմնարար գիտելիքներ:
Համաժողովին երկրորդ օրը, Յունաստանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն եւ Եգիպտոսէն ժամանած մասնագէտները ներկայացուցին իրենց համայնքներու հայկական դպրոցներուն վիճակը, խօսեցան ուսուցիչներու վերապատրաստման եղանակներու փոփոխութեան անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունեցող մայրենիի դասագիրքերու անկատարութեան, դասաժամերու սակաւութեան եւ այլ հիմնախնդիրներու մասին:
Յուլիս 5ի իր նիստով համաժողովը քննարկեց արեւմտահայերէնի դասագիրքերու հիմնախնդիրները:
ԵՊՀ Սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Եուրի Աւետիսեան յայտնեց, թէ համաժողովը արդէն իսկ կ՛ամփոփէ աշխատանքը եւ որոշակի արդիւնքներ կ՛արձանագրուին: «Նախ եւ առաջ մենք մեզ համար պարզեցինք, որ կայ խնդիր, որը գնալով ահագնանում է: Սփիւռքում արեւմտահայերէնի ուսուցման վիճակն անհանգստացնող է եւ այդ անհանգստութիւնը պէտք է ինչ որ ճանապարհով լուծումներ գտնի: Մենք փորձեցինք ճշգրտել այն ոլորտները, որտեղ պէտք է Սփիւռքի նախարարութիւնը իր մասնակցութիւնը բերի, եւ այն բնագաւառները, որտեղ պէտք է մասնագէտները աշխատանք տանեն», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ դասագիրքեր կազմելու հարցով պէտք է միեւնոյն յայտարարին գան արեւելահայ եւ արեւմտահայ մասնագէտները:
«Հայկական բոլոր գաղութների համար միասնական դասագիրք ստեղծելու անհրաժեշտութիւն կայ, սակայն ես կարծում եմ, որ պէտք է ընտրուի մայր գրքի մի տարբերակ, պատրաստուի դրա ելեկտրոնային տարբերակը, տեղադրուի համացանցում, որից յետոյ պէտք է սպասել դրա գործադրման արդիւնքներին», յայտնեց փրոֆ. Աւետիսեան, որուն խօսքով, պէտք է ստեղծուին համապատասխան մասնագիտական խումբեր, որոնք պիտի հետեւին դասագիրքի կիրառութեան արդիւնքներուն եւ որոշեն անոր տպագրութիւնը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ վերջերս նախարարութեան հովանաւորութեամբ Լատինական Ամերիկայի հայ համայնքներուն մէջ ուսուցիչներու վերապատրաստում իրականացուցած փրոֆ. Պետրոս Պետիրեան՝ շեշտելով աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը:
Արեւմտահայերէնի մասնագէտ, բազմաթիւ բառարաններու հեղինակ, փրոֆ. Ռուբէն Սաքապետոյեան, իր կարգին, կարեւոր համարեց դասագիրքերու կազմութեան գործին մէջ լեզուի բաժիններու ճիշդ հերթականութիւնը: Ան նշեց, թէ ինչպիսի՛ տաժանելի պայմաններու մէջ սփիւռքահայ մասնագէտներ ստեղծած են քիչ թէ շատ ընդունելի դասագիրքեր, որոնց շատերուն մէջ խախտուած է հնչիւնաբանութեան, բառագիտութեան, ձեւաբանութեան, խօսքի եւ շարահիւսութեան հերթականութիւնը, որ կը խոչընդոտէ լեզուի ընկալումն ու իւրացումը:
Սուրիայէն ժամանած արեւմտահայերէնի վաստակաւոր մասնագէտ եւ ուսուցիչ, պատմա-բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Յակոբ Չօլաքեան ներկայացուց դասագիրքեր կազմելու իր փորձը։ Սփիւռքէն ժամանած Տորա Սաքայեան, Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան, Յովսէփ Նալբանդեան եւ Գեղանի Էթիմեզեան, իրենց հերթին նշեցին, որ Հայաստանի անկախացումէն ետք հնարաւոր դարձաւ նման համահայկական եւ կառուցողական համաժողովի գումարումը:
Համաժողովի փակման իր ելոյթին մէջ, նախարար Յակոբեան շեշտեց, թէ Սփիւռքը Հայաստանի հանրապետութեան համար յաւերժ ներկայութիւն մըն է ՀՀի մէջ, ուր իւրաքանչիւր ծրագիր նախաձեռնելու ընթացքին, անիկա անպայմանօրէն իր բաժինը պէտք է ունենայ: «Կան կարծիքներ, որ արեւմտահայերէնը միայն սփիւռքինն է, սակայն պէտք է յիշել, որ այն զուտ անհատների եւ կազմակերպութիւնների գործը չէ. սա նաեւ պետութեան գործն է: Հետեւաբար, պետութիւնը պէտք է կարողանայ մտածել, թէ որոնք են այն հիմնական խնդիրները, զորս լուծելով կը կարողանանք օգնել արեւմտահայերէնին», յայտնեց Հ. Յակոբեան՝ աւելցնելով, որ առաջին խնդիրը, որով պէտք է նախարարութիւնը զբաղի, հայ ուսուցիչն է, անոր կերպարը եւ բարոյական նկարագիրը:
«Կրթութեան նախարարութիւնը վերջերս անընդհատ փորձում է մանկավարժներին, տնօրէններին տարբեր ձեւերով խրախուսել: Մենք այդ պարգեւները գնալով շատացնելու ենք: Պէտք է խրախուսել ե՛ւ երիտասարդներին, ե՛ւ տարեցներին, քանի որ հայ ուսուցիչը Սփիւռքում հայութեան դեսպանն է: Մենք մտահոգւում ենք նաեւ այն հարցի շուրջ, թէ ինչ է պէտք անել, որ հայ ուսուցիչը ոչ միայն քիչ աշխատավարձ չստանայ, այլեւ շատ աւելիին հասնի: Մենք հաշուարկել ենք, որ եթէ իւրաքանչիւր ուսուցչի աշխատավարձը 200 տոլարով աւելացնենք, տարեկան անհրաժեշտ է 2 միլիոն տոլար, որը պէտք է անպայմանօրէն նախարարութիւնը գտնի բարերաների եւ հայրենասէրների միջոցով», նշեց նախարարը եւ աւելցուց, որ յաջորդ խնդիրը ուսուցիչի կրթութեան հարցն է:
«Հայկական գաղութներում ուսուցիչների 80 տոկոսը բարձրագոյն կրթութիւն չունի, եւ յաճախ հէնց դրա պատճառով է, որ երեխաների մօտ բաւականաչափ սէր չկայ լեզուի նկատմամբ: Իսկ յաջորդը ուսուցչի վերապատրաստման խնդիրն է: Մենք պէտք է փորձենք հայաստանեան մասնագէտների միջոցով կազմակերպել վերապատրաստումը հէնց իրենց գաղութներում, որպէսզի շատ ուսուցիչներ մասնակցեն այդ վերապատրաստմանը», նշեց ան եւ յայտնեց, որ 21րդ դարուն մեծ է գիտելիքի եւ գաղափարի դերը: «Հայը պէտք է գիտելիքակիր լինի եւ իր տեղը ունենայ քաղաքակիրթ աշխարհի աւելի բարձր աստիճաններում», փաստեց Հրանոյշ Յակոբեան:
Նախարարը այնուհետեւ խօսեցաւ նախորդ տարի կազմաւորուած Սփիւռքի նախարարութեան առջեւ դրուած նպատակներուն մասին եւ յայտնեց, որ արդէն իսկ իրականացուած են երեք կարեւոր համաժողովներ: «Առաջինը՝ «Հայ ինքնութեան որակների պահպանումը խառնամուսնութիւններում» թեմայով, երկրորդը՝ «Արեւմտահայերէնի ուսուցման վիճակը սփիւռքում», իսկ երրորդը, որը համարում եմ համահայկական հարցերի հարցը, դա այսօր Թուրքիայի եւ Ատրպէյճանի կողմից մեր պատմութեան կեղծմանը, մեր երկրի նկատմամբ հնարաւոր եւ անհնար յարձակումներին համապատասխան գնահատական, հակահարուած տալն է լրագրողների միջոցով, որոնք պէտք է հաւաքուեն ու համահայկական ցանց ստեղծելու միջոցով հակադրուեն, փորձեն մեր լինելիութեան եւ զարգացման խնդիրները ներկայացնել աշխարհին», նշեց Հրանոյշ Յակոբեան:
Ըստ անոր, 20 տարիներու անկախացումէ ետք, առաջին անգամ փորձուած է համախմբել համապատասխան մասնագէտներ ու յայտարարել, որ հայոց պետութիւնը տէր է արեւմտահայերէնին: «Խորին շնորհակալութիւն եմ յայտնում խիստ կարգապահ ներկաներին, որոնք պատրաստ էին լսել տարբեր կարծիքներ, բոլոր հարցադրումներն ու տագնապները: Դա էր պատճառը, որ կարդացուեցին 26 զեկուցումներ՝ տարբեր կամ նման, հետաքրքիր կամ ոչ, բայց բոլորի մտահոգութիւնը մէկն էր՝ արեւմտահայերէնի հարցը: Մենք կանգնում ենք հային հայ պահելու դժուարագոյն խնդրի առջեւ: Ցաւօք, չկայ մի բանաձեւ, որի շնորհիւ հնարաւոր կը լինի բոլոր հարցերի պատասխանները տալ», ըսաւ նախարարը, որուն խօսքով, իւրաքանչիւր երկրի մէջ հայերէնի իմացութեան եւ դասաւանդման մակարդակները տարբեր են:
«Մէկը 2 ժամ է թոյլ տալիս, մէկը օտար ուսուցիչ է կարգում մեր գլխին, մէկը լեզուն ծիսական է համարում, միւսը՝ «անկիւն է ուղարկում». սա է իրականութիւնը, եւ այդ է պատճառը, որ մենք պարտաւոր էինք մէկ անգամ հաւաքուել ու ասել, որ սա՛ է իրականութիւնը», ըսաւ նախարարը եւ շեշտեց, որ բաւարար չէ համաժողովը ամփոփել, ծափահարել ու կարծել, որ այսքանով աշխատանքը աւարտեցաւ:
«Մենք դեռ նոր ենք սկսում մի բարդագոյն ու դժուարագոյն գործ», աւելցուց ան՝ շեշտելով, որ Սփիւռքի մէջ չկայ մարմին մը, որուն հետ նախարարութիւնը կրնայ անմիջապէս կապ հաստատել ու հրամաններ արձակել: «Հայկական սփիւռքում կայ 33 հազար հայկական կազմակերպութիւն, ունենք Սփիւռքի մէկ նախարարութիւն, եւ հէնց այդ նախարարութիւնն է, որ փորձում է ձեռք մեկնել կազմակերպութիւններին: Ի հարկէ կան չկամեցողներ ու քմծիծաղ տուողներ, բայց ես ուրախ եմ, որ այն բարեկամները ում հետ համագործակցում ենք, միայն դրականօրէն են վերաբերում: Ես հաւատում եմ, որ այն գիտական ներուժը, որն ունի արեւմտահայերէնը Սփիւռքում, կարող է համախմբուել եւ շատ ու շատ հարցերի պատասխան տալ», յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
arewmdahayereni hnchunabanutyune miayn arabakhos yerkirneru meg e poxwaz, isk turkiayum da jishd e hnchum, da galis e ayn baniz vor arabakan aybubeni meg mi shark hnchunner ke bakasin, orinak g chunin yew k gardasanin, yew ayln. vartuhi