ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ

Երեսունհինգ հրաշալի տարիներ երբեմն պայքարով, երբեմն խաղաղ ու երջանիկ, արդէն անցած են…
Հայ ազգի զաւակներուն համար անսակարկ նուիրուածութիւն ցուցաբերող ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի 35ամեակի առիթով, Կիրակի, 13 Յունիս 2010ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, Կլենտէյլի «Փրեսպիթերիըն» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յոբելինական հանդիսութիւնը՝ հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան։
Հանդիսութեան ներկայ եղան տէր Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, Ազգային իշխանութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեան, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան, ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան եւ անդամ Նովա Հինտոյեան, ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեան եւ անդամներ, ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահէ Պօզոյեան եւ անդամներ, Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Զարեհ Մարգարեան եւ անդամներ, ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան վարիչ տնօրէն, օրուան գլխաւոր բանախօս Ժիրայր Պէօճէքեան, ինչպէս նաեւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ընկերուհիներ։
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ 35ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբը պատրաստած էին բանախօսական եւ գեղարուեստական յայտագիր, ինչպէս նաեւ՝ «Սիփան» մասնաճիւղի 35 տարիներու վաստակը ցուցադրող տեսաերիզի մը ցուցադրութիւն։
Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի սկաուտական կազմի դրօշակի արարուղութեամբ։ Ապա հնչեցին Ամերիկեան, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգները՝ կատարողութեամբ Նայիրի Պալեանի եւ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութեան։
Յայտագիրի պաշտօնական բացումը կատարեց 35ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Քրիսթին Յովնանեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Կլենտէյլի քաղաքապետարանի քարտուղար Արտաշէս Քասախեանը, որ իր կարգին, ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանին փոխանցեց գնահատագիր մը՝ յղուած քաղաքապետ Արա Նաճարեանի կողմէ։
Ընկերուհի Յովնանեան հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ մասնաճիւղի ստեղծման պատմականին։ 1975ին կը ստեղծուի ՀՕՄի նոր մասնաճիւղը Կլենտէյլի մէջ ու հիմնադիր ընկերուհիները զայն կը կոչեն «Սիփան»։ Անոնք այդ անուան տակ կը նուիրուին բարեսիրական գործին, եւ հետագային անոնց շարքերը կը համալրուին նոր անդամներով, որոնք կը շարունակեն հայակերտման սրբազան աշխատանքները։ Ք. Յովնանեան յարգանքի խօսք փոխանձեց ի յիշատակ «Սիփան» մասնաճիւղէն յաւերժ հեռացած ընկերուհիներուն, որոնց անունները տեսնուեցան սրահի պաստառներուն վրայ, յուշելով ներկաներուն, թէ անոնց յիշատակը անթառամ է։ Ապա ան հրաւիրեց Տ. Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանը, որ փոխանցեց իր շնորհաւորանքը ՀՕՄի 100ամեակի ու «Սիփան» մասնաճիւղի 35ամեակի առիթներով, եւ արտայայտեց իր գոհունակութիւնը տարուած աշխատանքներուն համար, ապա «Պահպանի»չով աւարտեց իր խօսքը։
Բեմ հրաւիրուեցաւ «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան՝ փոխանցելու իր խօսքը։ Ան յայտնեց, թէ այսօր հաշուետուութեան եւ վերարժեւորման օր է, երբ «Սիփան»ի իւրաքանչիւր անդամ, հպարտութեամբ եւ անհուն ուրախութեամբ կու գայ վերահաստատելու իր ուխտը՝ ծառայելու հայ ժողովուրդին՝ Հայ օգնութեան միութեան ճամբով։ Միութիւն մը, որուն գոյութեան իմաստը նուիրումն ու ծառայութիւնն է։ Ընկերուհին աւելցնելով ըսաւ, թէ «Սիփան» մասնաճիւղը 35 տարիներու ընթացքին կերտած է Հայ մատղաշ սերունդներ, որոնցմէ շատերը այսօր մեր գաղութի ղեկավարներն են։ «Սիփան»ի Շաբաթօրիայ վարժարանը կը շարունակէ մնալ «Սիփան»ի գործունէութեան մեկնակէտը։ Ազգապահպանման եւ հայակերտման ճամբուն, մասնաճիւղի ընկերուհիները, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը կը շարունակեն մնալ պատնէշի վրայ։
Լենա Պօզոյեան «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հովանաւորողներուն, Կլենտէյլի մէջ գործող քոյր կազմակերպութիւններուն ու պատկան մարմիններուն, 35 տարիներու վարչութիւններուն եւ ատենապետուհիներուն, եւ վերջապէս՝ կազմակերպիչ յանձնախումբին։ Իր խօսքի աւարտին, ան յանձնարարեց ըլլալ աջալուրջ, գիտակից ու պատրաստ։ Պատրաստ՝ դաստիարակելու, պատրաստ՝ մեր քաղաքացիական ու մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու եւ մեր հայրենակիցներուն բարեսիրական ու ընկերային պէտքերը հոգալու։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեանը։
Ընկերուհի Փօլատեան Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորեց «Սիփան» մասնաճիւղի 35ամեակը՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ ու վերելքներ։ Ան դրուատելով «Սիփան» մասնաճիւղի ընկերուհիները՝ նշեց, թէ «Սիփան» մասնաճիւղը, Շրջանային վարչութեան գրասենեակի ամէնէն մօտիկ մասնաճիւղը ըլլալով՝ բնականաբար մեծ պարտաւորութիւններ ստանձնած է, եւ հաւատարմօրէն կը կատարէ իր ծառայութիւնները թէ՛ մասնաճիւղի եւ թէ Շրջանայինի աշխատանքներուն։ Ապա Ս. Փօլատեան, Շրջանային վարչութեան անունով գնահատանքի յուշատախտակ մը նուիրեց «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանին, շնորհաւորելով մասնաճիւղին 35ամեակը։
Յայտագիրը իր ուրոյն իմաստը ստացաւ յատուկ պատրաստուած տեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ, ուր խօսուն նկարներով եւ խօսքերով ներկայացուած էր մասնաճիւղին կողմէ անցած տարիներուն տարուած աշխատանքները եւ օգնութեան փութացող ընկերուհիներուն անգնահատելի ծառայութիւնները։
Գեղարուեստական բաժինով Անդրանիկ Սողոմոնեան արտասանեց Հ. Յովհաննէսեանի եւ Գէորգ Էմինի քերթուածներէն։ Ելոյթ ունեցան «Զուարթնոց» պարային համոյթի աղջիկները՝ Լիլիթ Ազարեան, Հայարփի Իսայեան եւ Սելինէ Յարութիւնեան՝ պարուսոյցներ Վարդան եւ Արմինէ Աղաճանեանի ղեկավարութեամբ։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ բանախօսական բաժինով, երբ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօս, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան վարիչ տնօրէն Ժիրայր Պէօճէքեան։
Բանախօսը առաջին հերթին դրուատեց ՀՕՄի արժէքը, որ պէտք է փնտռել անոր ուժին մէջ, որ կը մարմնաւորուի Հայ կնոջմով՝ ո՛ւր ալ ըլլայ ան, եւ մանաւանդ՝ անոր պայքարի ոգիով։
Ան ոգեկոչեց ՀՕՄի հիմնադրութեան 100 եւ «Սիփան» մասնաճիւղի 35 ամեակները, ու ներկաներուն ուշադրութեան հրաւիրեց հայոց արխիւները, ուր վաւերական փաստաթղթեր կը վկայեն, թէ Հայ կինը օգնութեան աշխատանքին լծուած է տակաւին 1904 թուականին, հագուստի, ուտելիքի եւ դեղորայքի հաւաքման ու բաշխման, ինչպէս նաեւ երեխաներուն ուսման ճամբելու գործին ընդմէջէն։
Ան նկատի առաւ նաեւ, որ ՀՕՄը այսօր, լոկ բարեսիրական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ պահանջատէր Հայ ժողովուրդի բազմաճակատ գոյապայքարին, գիտակից եւ նուիրեալ կամաւոր բարեսիրական միութիւն մըն է։
Ժ. Պէօճէքեան կարեւորութեամբ շեշտեց կամաւոր գործունէութեան արժէքը հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ, եւ անոր բերած ներդրումը՝ քաղաքական, ընկերային եւ զանազան մարզերու մէջ։
Բանախօսը ներկաներուն ուշադրութեան հրաւիրեց եւ կարեւոր համարեց խմբային հաւաքական (Team Work) աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը եւ միութենական ուժին անհրաժեշտութիւնը՝ բաղդատական մը ներկայացնելով անհատի անարդիւնաւէտ եւ ժամանակաւոր գործունէութեան միջեւ։
Բանախօսը պատգամ յղեց ներկաներուն հեռու մնալու օտարամոլութեան ախտէն, մեր զաւակներուն զանազան ձեւերով ցոյց տալ հայակերտման ճամբան, նշելով, թէ այսօր երբ կը տօնենք հարիւրամեայ յաղթանակը, պէտք է նաեւ որոնենք նորանոր ուղիներ, մշակենք նորանոր ծրագիրներ։ Ան շեշտեց, թէ նոր դարաշրջանը պէտք է սկսիլ վերանորոգուած ոգիով՝ կամաւոր աշխատանքին տալով մասնագիտացած որակաւորում, զարգացնելով արագ հաղորդակցութեան միջոցները մասնաճիւղերու եւ շրջաններու միջեւ, ինչպէս նաեւ ամրապնդելով Սփիւռք-Հայաստան կապը։ Ամրապնդում՝ համահայկական մտայնութեանբ, գալիք հարիւրամեակի տեսլականով։
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբը՝ խմբավար Կոմիտաս Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ, Լեւոն Թովմասեանի ու Ալլա Յովհաննէսեանի դաշնակի նուագակցութեամբ եւ Մայք Արապեանի մեներգութեամբ:
Յուզիչ եւ հրաշալի պահ պարգեւեց ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիներու պարգեւատրման արարողութիւնը, որուն համար բեմ հրաւիրուեցան ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեան, Շրջանային վարչութեան մօտ «Սիփան» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ-կապ Սօնա Մատարեան եւ «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան, որոնք հիմնադիր 15 ընկերուհիներու կուրծքերը զարդարեցին ՀՕՄի խորհրդանիշը կրող ոսկեզօծ զարդասեղներով։
Զարդասեղներու տուչութեան պահը իր խոր իմացութեամբ արժեւորուեցաւ, երբ Ռոզաննա Ուլիկեան արտասանեց Ժագ Ս. Յակոբեանի անժամանցելի «Այս Քոյրերը» ոտանաւորը։
Յայտագրի աւարտին, բեմավար Քրիսթին Յովնանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեան, 35ամեակի յանձնախումբի ընկերուհիներուն, անցեալ եւ ներկայ բոլոր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն՝ ձեռնարկը յաջողցնելու իրենց ջանքերուն համար, մաղթելով բարի երթ ՀՕՄի աշխատնքներուն. ապա բեմ հրաւիրեց երգչուհի Սալբի Մայիլեանը, որ իր քաղցրահնչիւն ձայնով մեկնաբանեց հայկական ժողովրդական երգեր եւ ներկաները խանդավառեց «Միասնութեան շուրջ պար»ով:
«Սիփան» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ կազմակերպիչ յանձնախումբը պատրաստած էին նաեւ 35ամեակին նուիրուած հիւրասիրութիւն եւ կարկանդակի հատում, «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահէն ներս։
Ընթացքին Լենա Պօզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնելու համար մասնաճիւղի բոլոր աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ 35ամեակի յանձնախումբի անդամներուն՝ տօնակատարութեան կազմակերպման համար, շեշտելով անունը Քրիսթին Յովնանեանին, որ ստանձնած էր աշխատանքի առիւծի բաժինը եւ ձեռնհասօրէն վարած տօնակատարութեան հանդիսութիւնը:
Յիշատակելի օր մը եւս՝ ՀՕՄի տարերութեան մէջ, ուր կը բաբախէ հայ սիրտը նուիրումի ու գալիքի նոր գաղափարներով։
ՀՕՄուհիները միշտ կը մնան մեծ ու սիրելի։
Վարձքերնիդ կատար, սիրելի ընկերուհիներ, եւ բարի երթ։