ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական (ԳԶՎ) ազգային վարժարանի վկայականներու բաշխման ամավերջի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 19 Յունիս 2010ին, երեկոյեան ժամը 4ին, «Խաչատուրեան» հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վաղինակ վրդ. Մելոյեանի, ներկայութեամբ գաղութիս մէջ գործող պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու ու հարազատներու, որոնք եկած էին վայելելու իրենց զաւակներուն ու թոռներուն 10 տարուան աշխատանքի արդիւնքը եղող վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ամերիկեան, հայկական եւ ԳԶՎի քայլերքներով ու Վաղինակ վրդ. Մելոյեանի աղօթքով: Վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը վարեցին ԳԶՎի ուսուցչուհիներէն Նուշիկ Միքայէլեան եւ ուսուցիչներէն Մայքըլ Արմսթրոնկ, հայերէնով ու անգլերէնով:
Հանդիսավարներէն Ն. Միքայէլեան ողջոյնի խօսքերով բացումը կատարեց երեկոյթին ու շարունակելով՝ արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ ըսաւ. «Մարդու մանկութիւնը ճակատագրական է: Ուրեմն, որքան կարեւոր ու նուրբ աշխատանք է այդ ծրագիրներուն ու երազանքներուն ձեւաւորման պատասխանատու ըլլալը: Դպրոց եւ ծնողք. ահա երկու պատասխանատու կողմերուն անունները, որոնք հազարաւոր աշակերտներու ճակատագիրը կերտած են՝ երբեմն ձախողելով եւ երբեմն ալ յաջողելով, հերոսներ ու հանճարներ պագեւելով մարդկութեան: Այս օր, քանի մը ժամ ետք, այս մանկութեան տան դուռը պիտի բացուի ու այս մանկութեան դռնէն դուրս պիտի ելլէն ինը պատանիներ, որովհետեւ դուրսը ապագան իրենց կը սպասէ: Իբրեւ մեր այսօրուան ինը հերոսներուն պատմութեան, հայոց լեզուի ու երաժշտութեան ուսուցչուհի, պիտի խոստովանիմ, թէ պատիւ ու երջանկութիւն էր ինծի համար մաս կազմել անոնց ապագայի կերտման աշխատանքներուն, եւ անկեղծօրէն, ինչքա՛ն որ ձեզի համար յուզիչ էր ձեր զաւակներուն դպրոց աւարտելու այս օրը, թոյլ տուէք ըսելու, որ նոյնքան եւ աւելի յուզիչ օր է ինծի համար, որովհետեւ ինձմէ ալ պիտի հեռանան իմ պզտիկ ընկերները, որոնցմէ ես շատ աւելի բան սորվեցայ, քան իրենք ինձմէ:
Բարի աւարտ ձեր կեանքի այս շրջանին ու բարի գալուստ դէպի լուսաւոր մեծ ապագայ»:
Յայտագրի ընթացքին ուղերձներ կարդացին շրջանաւարտ դասարանի գերազանցիկ աշակերտներ Սեւան Նահապետեան՝ անգլերէնով, եւ Գրիգոր Անտոնեան՝ հայերէնով. ապա գնահատանքի ու մաղթանքի խօսքերով ելոյթ ունեցան 2002 տարեշրջանի շրջանաւարտներէն Նանօր Տէմիրճեան եւ Արմէն Մխճեան, երկուքն ալ՝ այժմ համալսարանաւարտ. իսկ նոր շրջանաւարտներուն ողջերթի ուղերձը կարդաց 7րդ կարգի աշակերտներէն Ռաֆֆի Սամուրքաշեան:
Տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած է, որ գաղութին մէջ գործող մարմիններ, միութիւններ ու անհատներ, աշակերտներուն տրուելիք մրցանակներուն իրենց նիւթական ու բարոյական մասնակցութիւնը բերեն. անոնք են՝ Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը, ՀՕՄի «Կարին» եւ «Էրեբունի» մասնաճիւղերը, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղը, Հաուն ընտանիքը, Մայքըլ Լեւոն Կոստանեանի ընտանիքը եւ ԳԶՎի վաղեմի շրջանաւարտներէն Թալին Իսհակի ընտանիքը: Սոյն մրցանակները բաշխուեցան զանազան ճիւղերու մէջ լաւագոյն նիշերը ստացող աշակերտներուն: Նաեւ եղաւ 1000 տոլար կրթաթոշակի նուիրատուութիւն մը՝ Գոչաքեան եւ Մխճեան ընտանիքներուն կողմէ, ի յիշատակ իրենց մօր՝ Անահիտ Գոչաքեանի. կրթաթոշակները յանձնուեցան Ռուպինա Կարապետեանին, Վահէ Օհանեանին ու Սառա Գոլոյեանին, առ ի գնահատանք իրենց նուաճումներուն:
Հանդիսութեան ընթացքին, շնորհաւորական, գնահատական ու քաջալերական խօսքերով ելոյթ ունեցան նաեւ, Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Վարանդ Գասպարեան, ԳԶՎի Խնամակալ մարմինի ատենապետ Գարէն Արզումանեան եւ հիւրաբար Սան Ֆրանսիսքօ գտնուող օրուան բանախօսը, «Armenian Weekly» շաբաթաթերթի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան:
Վկայականներու բաշխման արարողութենէն ետք, իր սրտի խօսքը արտասանեց ու շրջանաւարտներուն իր պատգամը տուաւ ԳԶՎի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան՝ ըսելով. «Ահաւասիկ այս գեղեցիկ հանդէսով կը փակենք ԳԶՎ Ազգային վարժարանի 2009-2010 կրթական տարեշրջանը: Արդար հպարտութեան անխառն զգացումներով կը վերահաստատենք, որ հայ դպրոցը հայ մտքի ամրապարիսպ այն բերդն է, ուր մեր ժողովուրդի ազգային հարուստ ժառանգութիւնը եւ ժամանակակից գիտելիքները կը հրամցուին հայ մանուկին, պատանիին ու երիտասարդին՝ զանոնք կերտելով իբրեւ յանձնառու ու գիտակից քաղաքացիներ: Մեր աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւնները, ձեռք ձգած մրցանակները, ինչպէս նաեւ անոնց բացառիկ տաղանդներն ու նուաճումները լաւագոյն վկայութիւններն են կատարուած հաստատումին»:
Կ. Անտոնեան իր խօսքը շարունակելով՝ մասնաւոր իր գնահատանքը յայտնեց նուիրեալ ուսուցչական կազմին, վարժարանի հոգածու Խնամակալ մարմինին, ծնողներուն, բարերարներուն եւ բարեկամներու նուիրաբերումին, զոհողութեան, հաւատքին ու վստահութեան: Ապա իր խօսքը մասնաւորաբար ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ ան շարունակեց. «Գոհունակութեամբ կը շնորհաւորեմ մեր այս տարուան շրջանաւարտները, մաղթելով, որ շարունակէն ուսումնական կեանքէն ներս իրենց յառաջընթացը ու միշտ կապուած մնան իրենց հոգեմտաւոր դաստիարակութեան դարբնոցը եղող ԳԶՎ վարժարանին»:
Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, նախքան հանդիսութեան փակման աղօթքը, փոխանցեց իր սրտի խօսքը՝ ուղղուած շրջանաւարտներուն, ուսուցիչներուն ու ծնողներուն. «Ամէն բանէ առաջ իմ սրտի ուրախութիւնը, շնորհաւորական խօսքերը կը յայտնեմ ձեզի, շրջանաւարտ աշակերտներ, եւ ձեր ընդմէջէն՝ ձեր ծնողներուն, ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանին, մաղթելով եւ աղօթելով, որ վերջին այս քայլը դառնայ առաջին քայլ, եւ ըլլայ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ»: Ապա իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ հայր Վաղինակ ըսաւ. «Կ՛ուզեմ յիշեցնել ձեզ, թէ կեանքը դիւրին չէ, կեանքը պայքար է. այդ պայքարէն չվախնա՛ք, այլ այդ պայքարին մէջ յաղթելու նպատակով իջէք պատերազմի դաշտ. եթէ այդ նպատակով իջնէ՛ք, կը յաղթէք. փոթորիկներէ չվախնաք, հաւատքի քայլերով փոթորիկին վրայէն քալեցէք, հաւատքով քալեցէք եւ դուք կը հասնիք խաղաղութեան ովկիանոս. կեանքը կը նմանի բարձր լերան մը. եթէ մագլցելէ վախնաք՝ չէք կրնար գագաթ հասնիլ, եթէ իյնալէ վախնաք, չէք հասնիր գագաթ. մի. վախնաք իյնալէ, տապալելէ, այլ քալեցէ՛ք հաւատքով, քալեցէք, մինչեւ որ հասնիք գագաթնակէտին»:
Հանդիսութիւնը վերջացաւ հայր սուրբին «Պահպանի»չով ու աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած կոչունք-ընթրիքը, մասնակցութեամբ շրջանաւարտներու, ծնողներու, հարազատներու ու ուսուցիչներու: