ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզայի հարսանեկան ծախսերը իսկապէ՞ս վճարուած են Ատրպէյճանի տնտեսական զարգացման նախարարին կողմէ: Նախագահ Պարաք Օպամա Պրայզան կ՛ուզէ տեսնել Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆի դեսպան, ինչ որ խիստ այժմէական կը դարձնէ վերեւի կասկածը: Պրայզա ամուսնացած է թուրք հեղինակ Զայնա Պարանի հետ: Հարսանիքը տեղի ունեցած է 2007ին, Պոլիսի մէջ:
Ատրպեճանական ընդդիմադիր «Ազատլիք» թերթի խմբագիր Ճենիմեթ Զահիտի եւ լրագրող Ատիլ Խալիլի դէմ 2007ին դատ բացուած է՝ «Ազերիները վճարեցին Մեթիու Պրայզայի հարսանիքին ծախսերը» վերնագրուած յօդուածին համար, ուր գրուած է, թէ Ատրպէյճանի տնտեսական զարգացման նախարար Հայտար Պապայեւ վճարած է Պրայզայի հարսանեկան ծախսերուն մէկ կարեւոր բաժինը: Պրայզա այդ ժամանակ տակաւին ԱՄՆը կը ներկայացնէր Մինսկի խումբին մէջ:
Զահիտ եւ Խալիլ նաեւ ամբաստանուած են Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ դաւաճանած ըլլալու յանցանքով: Ըստ ամբաստանագրին, հայերը կարդալով այդ յօդուածը՝ պիտի եզրակացնէին, թէ Պրայզա կաշառուած է ազերիներու կողմէ: Դատախազութիւնը պահանջած էր երկու լրագրողներէն, որ հերքեն յօդուածին մէջ իրենց կատարած վերագրումը: Անոնք մերժած են հերքում կատարել եւ, ոչ այնքան զարմանալիօրէն, անշուշտ, դատարանը վճիռ արձակած է թերթին դէմ:
Վճիռի վերանայման դիմումի քննութեան ժամանակ, Խալիլ վայրագօրէն ծեծի ենթարկուած է եւ դաշունահարուած: Ան յաջողած է փախուստ տալ ու ապաստանիլ Ֆրանսա: Մինչ այդ, Զահիտ չորս տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ մէկ այլ «յանցանքով»՝ անկարգութիւն կատարած ըլլալու ամբաստանութեամբ:
Անցեալ աշնան, Զահիտի փաստաբանները դիմեցին Մարդկային Իրաւանց միջազգային դատարան: Ըստ փաստաբաններու ներկայացուցած դիմումին, Ատրպէյճանի դատախազութիւնը խախտած էր Մարդկային Իրաւանց Եւրոպայի ուխտի տասներորդ յօդուածը, որ կը պաշտպանէ խօսքի ազատութիւնը: Վերանայման դիմումը նաեւ կը պնդէ, որ երկու լրագրողներու դատավարութիւնը արդար չէ եղած:
Պապայեւի կտրուկ միջամտութիւնը կը հաստատէ Ազատլիքի յօդուածին որոշակիօրէն արժանահաւատ ըլլալը: Խմբագրութեան հերքում տալու մերժումը, դատարանին խիստ վճիռները, ինչպէս նաեւ լրագրողներուն դէմ ձեռնարկուած հետագայ բռնութիւնները, կը թելադրեն, թէ Պրայզայի հարսանիքը սոսկ պսակադրութենէ մը աւելին է:
Օպաման երբ առաջարկեց Պրայզայի թեկնածութիւնը՝ իբրեւ Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆի դեսպան, ազերի ղեկավարութիւնը ողջունեց այս քայլը, եւ նշելով թուրք կնոջ մը հետ անոր ամուսնացած ըլլալուն փաստը՝ ընդգծեց իր սերտ յարաբերութիւնը թեկնածուին հետ: Պրայզայի միակողմանի դիրքորոշումը Ղարաբաղեան խաղաղութեան բանակցութիւններուն միշտ ալ մտահոգած է ամերկահայութիւնը, որ վստահ չէ, թէ դեսպանութեան թեկնածուին հաւատարմութիւնը որո՞ւ կ՛երթայ, եւ թէ ան իր անհաւատարմութեամբ որքա՞ն մեծ վնաս կրնայ պատճառել Ամերիկայի շահերուն:
Մենք կ՛ակնկալենք, որ ԱՄՆի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը, երբ սկսի քննելու Պրայզայի թեկնածութիւնը, բանայ այս թղթածրարը, յստակացնէ ազերի ղեկավարութեան հետ անոր ունեցած կապերը եւ այդ կապերէն յառաջ եկած շահերու խաչաձեւումը:
Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները պէտք չէ թոյլատրեն, որ իրենց դիւանագիտական ներկայացուցիչը այլ երկրի մը պետութենէն վճարում ստանայ: