ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի շրջապտոյի նախօրեակին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու նախագահներուն յայտարարութիւնը կարելի է դիտարկել իբրեւ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ Քլինթընի բանակցութիւններու հիմք, եւ արդեօ՞ք ան պիտի խօսի այդ յայտարարութիւններուն մէջ ընդգրկուած կէտերուն մասին, Կորտըն ըսած է.
«Անշուշտ։ Նախագահները փաստած են մինչեւ հիմա գրանցուած յառաջընթացը եւ սկզբունքները, որոնց ճամբով պէտք է ղեկավարուին կողմերուն միջեւ քննարկումները։ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է այս սկզբունքներուն եւ վճռական է աշխատելու կողմերու հետ եւ քաջալերելու անոնց՝ շարունակելու նոյն ճանապարհը։ Կը կարծեմ, որ ինչպէս Աքվիլայի մէջ անցեալ տարի, նոյնպէս ալ այս տարի «Մեծ ութեակ»ի ղեկավարները կատարած են այս յայտարարութիւնը, որպէսզի ցոյց տան իրենց հաւատարմութիւնը Մինսկի խմբակի գործընթացին եւ այս հարցին մէջ յառաջընթաց տեսնելու մեր ցանկութիւնը։
«Կը կարծեմ, որ բռնութիւնը, որուն վերջերս ականատես եղանք տարածաշրջանին մէջ, ցոյց կու տայ, որ չենք կրնար վստահ ըլլալ կայունութեան գծով. Հայաստանն ու Ատրպէյճանը երկուքն ալ պիտի շահին Մինսկի խմբակի յառաջընթացէն։ Արտաքին գործոց նախարարը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ երկու երկիրներուն մէջ ալ ընդգծելու այն, ինչ նախագահները ըսած էին Թորոնթոյի մէջ»։
Լրագրողի այն հարցումին, թէ հաշուի առնելով այն, որ վերջին շրջանին տարածաշրջանին մէջ բռնութիւններու ալիք գրանցուած է, իսկ Ատրպէյճանը յաւելեալ կէս միլիառով բարձրացուցած է իր ռազմական պիւտճէն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը որքանո՞վ մտահոգուած է այս զարգացումներով, եւ արդեօ՞ք Քլինթըն մտադիր է այդ հարցով խօսիլ Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ՝ Կորտըն ըսած է. «Բռնութիւնները մեզ կը մտահոգեն, սակայն, անկախ անկէ, թէ որտե՛ղ եւ ե՛րբ անոնք կը կատարուին։ Ինչպէս ըսի, չես կրնար վստահ ըլլալ կայունութեան հանդէպ, եթէ խօսքը զինուած հակամարտութեան փակուղիի եւ այնպիսի տարակարծութիւններու մասին է, ինչպիսիք գոյութիւն ունին այս պարագային… Արտաքին գործոց նախարարի նպատակներէն մէկն է խօսիլ երկու կողմերուն հետ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յառաջ տանիլ այդ գործընթացը»։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է ըսել, թէ իրավիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ, եւ արդեօ՞ք գոյութիւն ունի «սթաթիւս քոյ»ի փոփոխութիւն, Կորտըն յայտնած է. «Գործընթացը կանգ առած է աւելի երկար, քան մենք կ՛ուզէինք, եւ ամէն անգամ, երբ բռնութիւն տեղի կ՛ունենայ, ատիկա մեզ կը մտահոգէ»։
Լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, թէ արդեօ՞ք Քլինթըն մտադիր է քննարկել ուժի չկիրարկման մասին համաձայնագիր ստորագրելու՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկը։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը պատասխանած է. «Կը կարծեմ, որ երկու կողմերն ալ յստակ արտայայտած են իրենց հաւատարմութիւնը Հելսինքեան սկզբունքներուն, որոնցմէ առաջինը ուժի կիրարկումէն կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքէն զերծ մնալն է։ Մենք պիտի զբաղինք այն հարցով, որ կողմերը վերահաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը Հելսինքեան բոլոր սկզբունքներուն»։
Լրագրողի մը այն հարցումին, թէ նախագահներու յայտարարութեան մէջ փաստօրէն կը խօսուի Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներէն Հայկական ուժերու դուրսբերման մասին, արդեօ՞ք ատիկա այն պատգամն է, որ արտաքին գործոց նախարար Քլինթըն պիտի տանի Երեւան եւ ներկայացնէ Սերժ Սարգսեանի հետ իր հանիդպումին ընթացքին, Կորտըն պատասխանած է. «Կը կարծեմ, որ բոլոր սկզբունքները, որոնց մասին նախագահները նշեցին Թորոնթոյի իրենց յայտարարութեան մէջ, բոլորը շատ կարեւոր են մեզի համար եւ մենք պիտի ուզէինք յառաջընթաց ու հաւատարմութիւն տեսնել բոլոր այդ սկզբունքներու հարցին մէջ»։
Կորտըն պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարաձայնութիւններու ապացոյց չէ Ալիեւի ուղղուած Օպամայի նամակը՝ յայտնած է, թէ «Ուժանիւթի հարցերը գերակայ են։ Ես զանոնք իբրեւ լուրջ խնդիրներ կ՛որակեմ։ Գրաւները բարձր են։ Անոնք շատ կարեւոր են Ատրպէյճանի համար եւ կարեւոր՝ մեզի համար։ Անոնք լուրջ հարցեր են։ Ես չէի ըսեր՝ լուրջ տարակարծութիւններ, պարզապէս լուրջ խնդիրներ, զորս պէտք է քննարկել»։
Ֆիլիփ Կորտըն նկատած է, թէ Ատրպէյճան կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին Քլինթըն պիտի քննարկէ շարք մը առանցքային հարցեր։ «Ուժանիւթի հարցերը գերակայ են բոլորին համար այս կամ այն ձեւով, բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր պիտի այցելէ արտաքին գործոց նախարարը։ Կովկասի մէջ ուժանիւթի հարցը շատ կարեւոր է եւ քննարկման առանցքային տարր պիտի ըլլայ։ Ուժանիւթը Ատրպէյճանի հետ քննարկուող հարցերուն մէջ առանցքային հարցերէն է։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ նաեւ տարածաշրջանային հարցերն են», բացատրած է ան։
Նշենք, որ Օպամա Յունիսի սկիզբը նամակ յղած էր Ալիեւին՝ պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյցի միջոցով։ Ան նամակին մէջ նշած էր. «Մեզի յայտնի են գոյութիւն ունեցող խնդիրները, սակայն վստահ եմ, որ կրնանք լուծել զանոնք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.