ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պատրիարքական ընտրութեան առնչութեամբ, Կրօնական ժողովի ու Ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինին միջեւ ստեղծուած տարակարծութիւնը, եւ կառավարութեան մօտ կատարուած երկու տարբեր դիմումները պատճառ դարձան, որ կառավարութիւնը բոլորովին տարբեր լուծում մը առաջարկէ Պատրիարքական ընտրութեան թնճուկը լուծելու համար։
Արդարեւ, Երեքշաբթի կէսօրէ ետք ռումբի մը պէս պայթեցաւ լուրը այն մասին թէ կառավարութիւնը արտօնութիւն տուած է որպէսզի կատարուի ո՛չ թէ Աթոռակից Պատրիարքի կամ ուղղակի Պատրիարքի ընտրութիւն, այլ ընտրուի Պատրիարքական Տեղապահ )Փաթրիք Վէքիլի)։
Լուրը ճշդելու համար «Մարմարա»յի խմբագրութիւնը անմիջապէս կապ հաստատած է Պատրիարքարանի հետ եւ Պատրիարքարանը հաստատած է, որ ստացած է այդպիսի նամակ մը։ Աւելի վերջ Պատրիարքարանէն «Մարմարա»ի խմբագրապետի Ռ. Հատէճեանին ուղղեալ հրաւէր մը ղրկուած է Չորեքշաբթի երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ յատուկ ժողովի մը մասին։ Այս ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի նամակի բովանդակութիւնը։
«Հիւրրիյէթ» երէկուան իր թիւով արձագանգ կը հանդիսանայ այս լուրին նշելով, որ կառավարութիւնը տարբեր ուղի մը ընտրեց Կրօնական Ժողովի ու Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի միջեւ ծագած ճգնաժամը հարթելու համար եւ արժեւորելով Պատրիարքարանի ու հայ համայնքի պատասխանատուներու փափաքները, արտօնեց որ կատարուի «Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութիւն»։ Թերթը կը գրէ որ Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ վեց ամիս առաջ Ներքին Նախարարութեան յանձնուած երկու դիմումները Ա Գէ Փէ կուսակցութեան կառավարութեան կողմէ արժեւորուած են միջազգային իրաւական, աստուածաբանական ու փոքրամասնական իրաւունքներու տեսանկիւնէն։ Կառավարութիւնը որոշած է. «Ճիշդ չ՛ըլլար եթէ գործող Պատրիարքի ողջութեան կամ առանց որ Պատրիարքը իր իսկ փափաքով չհրաժարի, նոր Պատրիարք մը ընտրուի։ Պատրիարքը ներկայացնելու տեսակէտէ ալ կրնան կարգ մը հարցեր ստեղծուիլ։ Մեսրոպ Պատրիարք մինչեւ իր վախճանումը պաշտօնի վրայ պէտք է մնայ ու պէտք է կրէ Պատրիարքի տիտղոսը։ Պատրիարք կամ Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու փոխարէն աւելի նպատակայարմար պէտք է ըլլայ ընտրել Պատրիարքական Տեղապահ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
@Jim Thats good stuff