ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այս օրերուն, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ամէն ճիգ կը թափեն պնդելու համար, թէ Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան առանցքը չէ փոխուած, սփոփարար խօսքեր կարելի է նկատել Եւրոմիութեան ընդարձակման հարցերու պատասխանատու Շթեֆան Ֆիւլէ Երեքշաբթի, Յունիս 22ի մեկնաբանութիւնը։ Արդարեւ, ան Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք յայտնեց, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մասին ըսուածները ճիշդ չեն, այլ ընդհակառակը՝ Թուրքիա ամէն օր աւելի եւս կը մօտենայ Եւրոմիութեան։
Ան նաեւ Թուրքիոյ այժմու արտաքին քաղաքականութիւնը Եւրոմիութեան համար «արժէք» մը նկատեց, սակայն առաջարկեց, որ Թուրքիա Եւրոմիութեան հետ խորհրդակցի իր արտաքին քաղաքականութեան շուրջ:
Իր կարգին, Կիւլ դիտել տուաւ, որ Եւրոմիութիւնը աւելի քաջալերական կեցուածք պէտք է ունենայ Թուրքիոյ նկատմամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.