ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Զաման» թերթի մէջ հրատարակուած է «Այս ալ լեռնային ելակ որսալու սաֆարի է» խորագրեալ թղթակցութիւնը, ուր կը պատմուի, թէ Իզմիթի մերձակայ Մենեքշէ դաշտավայրին մէջ լեռնային ելակ բուսած է ամէն կողմ ու հոն կարելի է լեռնային ելակի որսորդութիւն ընել: Սաֆարին կը սկսի «Փափազ Եայլասը» կոչուած շրջանին մէջ։ Թէ ինչո՞ւ այսպէս կոչուած է այս վայրը՝ այդ է որ հետաքրքրական է մեզ համար։ Յօդուածագիրը կը պատմէ, որ հոն հասնելէ ետք եւ նախքան ելակ հաւաքելու սկսիլը, պատմութեան փոքրիկ դաս մը պիտի առնուի։ Սաֆարին կազմակերպողը պիտի պատմէ, որ հոն հայեր բնակած են։ Եկեղեցիին հիմերը ու կարգ մը հայ մանուկներու գերեզմանները մինչեւ այսօր տեսանելի են։ 1800ականներուն, հայ հոգեւորականի առաջնորդութեան ներքեւ, տօնակատարութիւններ կը կատարուէին հոն։ Պատմութեան այս փոքրիկ դասը լսելէ ետք է, որ այցելուները կը սկսին տարածուելու դաշտերու մէջ, ուր անհաւատալի ուժգնութեամբ կը զգացուի ելակներու բուրմունքը։
Չէ ըսուած, բայց կ՛երեւի թէ այս բուրումնաւէտ ելակներն ալ մնացած են հայերու՝ հոն բնակած շրջանէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.