ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2009-ին Քանատայի մէջ, բարերարութեամբ Հայկ եւ Էլսա Թիթիզեան ֆոնտին եւ խմբագրութեամբ Իրիս Փափազեանի, լոյս տեսաւ «The gift օf faith» կամ «Հաւատքի ընծան» խորագրեալ անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով գրուած հատորը, ուր կը ներկայացուի երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի կեանքն ու գործը։
Գիրքը խմբագրած է Իրիս Փափազեանը:
Արդարեւ, ըստ խմբագրին կողմէ տրուած տեղեկութեանց, Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց վեհափառը, աւազանի անունով՝ Նշան Սարգիսեան, անդրանիկ զաւակն է Յակոբ եւ Ովսաննա Սարգիսեաններուն, ծնած՝ Քեսապ, 27 Օգոստոս 1932ին։ Իր նախնական կրթութիւնը աւարտելէ ետք ծննդավայրի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին մէջ, 1946ին կը մտնէ Անթիլիասի դպրեվանքը, որուն Ժառանգաւորաց բաժնի քառամեայ դասընթացքները կ՛աւարտէ 1949ին եւ կը ձեռնադրուի սարկաւագ։ Իսկ Ընծայարանի բաժնի եռամեայ շրջանը՝ 1952ին։
Կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ՝ 28 Սեպտեմբեր 1952ին՝ վերակոչուելով Գարեգին աբեղայ։ Կը վարէ խմբագրական եւ կրթական պաշտօններ։ Նոյն ատեն կը պատրաստէ իր վարդապետական աւարտաճառը՝ «Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը ըստ հայ շարականներուն» նիւթին շուրջ։ Կը ստանայ վարդապետական աստիճան 5 Յունիս 1955ին եւ յաջորդ տարի կը նշանակուի դպրեվանքի տեսուչ։
1957ին Գարեգին վարդապետ կը մեկնի Անգլիա, ուր Օքսֆորտ համալսարանին մէջ կը հետեւի աստուածաբանական բարձրագոյն ուսմանց։ Յաջողութեամբ պաշտպանելէ ետք «Քաղկեդոնի ժողովը եւ Հայ եկեղեցին» խորագրեալ իր անգլերէն աւարտաճառը, կ՛արժանանայ B. Litt-Oxon համալսարանական տիտղոսին։
1960ին, Անթիլիաս վերադարձին, կը վերստանձնէ դպրեվանքի տեսուչի պաշտօնը։
Այս շրջանին կը դասաւանդէ հայ մատենագրութիւն, հայ մշակոյթի պատմութիւն եւ աստուածաբանութիւն՝ հայկական բարձրագոյն վարժարաններու եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Կ՛աշխատակցի լիբանանահայ մամուլին եւ կու տայ հրապարակային դասախօսութիւններ։ 1963ին կը հիմնէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը (ՀԵՀՈՄ)։
Առ ի գնահատանք իր ծառայութեանց, 16 Յունիս 1963ին կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան։ Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 19 Յունուար 1964ին։
Միջեկեղեցական շարժումը մեծ տեղ գրաւած է իր կեանքին մէջ։ 1955էն սկսեալ անդամակցած է միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու եւ մասնակցած՝ անոնց համաժողովներուն։ Շնորհիւ իր ճիգերուն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Օգոստոս 1962ին դարձած է անդամ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին (ԵՀԽ), որուն յանձնախումբերուն մէջ ստանձնած է զանազան պաշտօններ, եղած է նախագահ՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին։
24 Փետրուար 1971ին Գարեգին եպիսկոպոս կ՛ընտրուի առաջնորդ Իրանա-Հնդկաստանի թեմին։ Կը ստանձնէ առաջնորդական իր պաշտօնը՝ Պարսկաստանի Նոր æուղա քաղաքի Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ։ Կը մնայ Նոր æուղայի մէջ մինչեւ Յուլիս 1973, ուր իր նախաձեռնութեամբ Ա. Ամենափրկիչ վանքի թանգարանը եւ մատենադարանը կ՛ենթարկուին մասնագիտական դասաւորումի, վանքին տպարանը կ՛արդիականանայ, եւ կը կատարուին ցուցակ ձեռագրաց եւ հայկական մանրանկարչութեան վերաբերեալ հրատարակութիւններ։
Խորէն Ա. կաթողիկոս 26 Ապրիլ 1973ին կու տայ հովուապետական այցելութիւն Իրանի հայոց երեք թեմերուն։ Այս առիթով Նոր æուղայի մէջ Գարեգին եպիսկոպոսին ան կը շնորհէ արքեպիսկոպոսութեան տիտղոս։
Յաջորդ տարի Գարեգին արքեպիսկոպոս կը մեկնի Նիւ Եորք, ուր 24 Մայիս 1974ին կ՛ընտրուի առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին։ Իմաստուն հովուապետի իր հովանիին ներքեւ Նիւ Եորքի ազգային եկեղեցական, կրթական եւ մշակութային կեանքը յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ։ Առաջնորդարանին մէջ Գարեգին արքեպիսկոպոս կը հաստատէ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարանը, Ազգային ուսումնական խորհուրդի գրասենեակը եւ կը կատարէ նաեւ շարք մը ուշագրաւ հրատարակութիւններ։
Իր առաջնորդութեան շրջանին կը ծագի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ հայկական թաղամասերը կ՛ենթարկուին բուռն ռմբակոծումներու։ 1976ին Գարեգին արքեպիսկոպոս կը մեկնի Լիբանան՝ մօտէն տեսնելու հայ ժողովուրդի վիճակը։ Լիբանանէն վերադարձին աշախատանքի կը լծէ Ամերիկայի բարեսիրական կարգ մը կազմակերպութիւնները, որոնց գործօն մասնակցութեան եւ իր անձնդիր ջանքերուն շնորհիւ՝ կը հանգանակուի աւելի քան եօթը հարիւր հազար տոլար՝ լիբանանահայութեան օժանդակութեան համար։
22 Մայիս 1977ին Գարեգին արքեպիսկոպոս կ՛ընտրուի աթոռակից կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ 29 Մայիս 1977ին կը ստանայ կաթողիկոսական օծում՝ ձեռամբ Խորէն Ա. վեհափառին, որուն կողքին կը ծառայէ վեց տարի՝ իբրեւ աթոռակից կաթողիկոս եւ անոր վախճանումէն ետք, Փետրուար 1983էն սկսեալ, կը դառնայ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։
Արդարեւ, իր գահակալութեան տասնութ տարիներուն (1977-1995) տեղի կ՛ունենան բազմաթիւ իրագործումներ՝ կրօնական, ազգային, կրթական, մշակութային եւ շինարարական մարզերուն մէջ։ Դպրեվանքը կը փոխադրուի Անթիլիասէն Պիքֆայա, կաթողիկոսարանին մէջ կը հաստատուին Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը եւ «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնը։ Կաթողիկոսարանի տպարանը կը ճոխանայ նոր սարքաւորումներով եւ ամէն տարի դպրեվանքի շրջափակին մէջ տեղի կ՛ունենան հայ գիրքի ցուցահանդէսներ։ Իսկ շինարարական մարզին մէջ կը կառուցուին Պիքֆայայի դպրեվանքին եւ կաթողիկոսարանի թանգարան-մատենադարանի նոր շէնքերը, ինչպէս նաեւ՝ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին եւ յուշարձան համալիրը։
Միջեկեղեցական ծիրի մէջ Գարեգին կաթողիկոս կու տայ պաշտօնական այցելութիւններ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին (Վատիկան), Անկլիքան եկեղեցւոյ պետ՝ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս տոքթ. Ռապըրթ Ռունսիին (Լոնտոն), Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Շնուտա Գ. պատրիարքին (Եգիպտոս) եւ այլ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոս 4 Ապրիլ 1995ին Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուած Ազգային-եկեղեցական ժողովին կողմէ կ՛ընտրուի կաթողիկոս Ամենայն հայոց։ Օծման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ս. Էջմիածնի տաճարին մէջ, ուր 9 Ապրիլ 1995ին Ծաղկազարդի օրը, ան կը դառնայ 131րդ գահակալը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի դարաւոր աթոռին։
Կաթողիկոսական իր պաշտօնը ստանձնելէ ետք, Ամենայն հայոց վեհափառ Գարեգին Ա.ի առաջնահերթ պարտականութիւնը կ՛ըլլայ արթնցնել եկեղեցւոյ սէրը հայրենի ժողովուրդին մէջ եւ ձեռնարկել շինարարական աշխատանքի։ Այս նպատակով նորոգել կու տայ Գէորգեան Ճեմարանի պատմական շէնքը։ Կը բարեկարգէ Ս. Էջմիածնի տպարանը, զարկ կու տայ հրատարակչական գործունէութեան եւ կը հիմնէ «Քրիստոնեայ Հայաստան» երկշաբաթաթերթը։ Իր նախաձեռնութեամբ, հին եկեղեցիներ կը նորոգուին, նոր եկեղեցիներ կը կառուցուին եւ կը հաստատուին Հարաւային Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նոր թեմերը։
Իր գահակալութեան առաջին երեք տարիներուն ընթացքին վեհափառը կու տայ հովուապետական այցելութիւններ Հայաստանի եւ արտասահմանի թեմերուն եւ կու տայ նաեւ պաշտօնական այցելութիւններ Քրիստոնեայ աշխարհի հոգեւոր պետերուն։
Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700ամեակի հանդիսութեան առիթով կը դիմէ անհրաժեշտ միջոցներու։
Դժբախտաբար կարճատեւ կ՛ըլլայ Գարեգին Ա. վեհափառի գահակալութեան շրջանը, որովհետեւ Ապրիլ 1998 թուականէն սկսեալ կը տառապի անբուժելի հիւանդութեամբ։ Կը մեկնի Նիւ Եորք, ուր կ՛ենթարկուի վիրաբուժական երկու գործողութիւններու եւ ամիսներ շարունակ կը մնայ բժիշկներու հսկողութեան տակ։ 1999 թուականի մարտ ամսուն Նիւ Եորքէն ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Սուրբ Էջմիածին։ Վերադարձի ճամբուն վրայ կը հանդիպի Վատիկան, ուր Յովհաննէս Պօղոս բ. պապին հետ կը կատարէ բացումը «Հռոմ-Հայաստան» ցուցահանդէսին, որ նուիրուած էր Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700ամեակին։ Էջմիածին հասնելէ երեք շաբաթ ետք կը կատարէ օծումը վերանորոգուած Ամաղուի Նորավանքին։
Գարեգին Ա. կաթողիկոս կը վախճանի 29 Յունիս 1999ին խոր սուգի մատնելով Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը։
«Հաւատքի ընծան» հատորին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կ՛ըսէ, թէ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. վեհափառը ունի մտաւորականի, ուսուցչի եւ գրողի երրեակ արժանիքներ։ Թէ՝ հայ մշակոյթին եւ դպրութեան մեծ ծառայութիւն մատուցած հոգեւորականն է Գարեգին Ա. վեհափառը, որ Հայ եկեղեցւոյ մասին պատմագիտական իր լայն ծանօթութեամբ արժանաւորապէս կը դասուի Օրմանեանի, Դուրեանի, Գուշակեանի եւ բարձրաշնորհ այլ եկեղեցականներու շարքին։
Հատորին բովանդակութեան մաս կը կազմեն Գարեգին Ա.ի հետեւեալ գրութիւնները. «Քարոզ, կաթողիկոսական գահակալութեան առթիւ», «Անդրանիկ կոնդակ», «Սիրոյ պարտքը եւ պարտքին սէրը» եւ «Երկու աթոռների ոսկեկամար կապը»։
Արդարեւ, «Հաւատքի ընծան» գեղատիպ հատորը օժտուած է բազմաթիւ գունաւոր լուսանկարներով, որոնց միջոցով կը հետեւինք Ամենայն հայոց Գարեգին Ա. վեհափառի կեանքին եւ առաքելատիպ գործունէութեան։