ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկած է լեզուի մասին, կամ աւելի ժողովրդականացուած՝ օտարալեզու դպրոցներու վերաբերող օրէնքի փոփոխութեան իր առաջարկը: Իբրեւ զիջում, կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ սկզբնական իր տարբերակին մէջ արձանագրած 15 օտարալեզու դպրոցներուն թիւը նուազեցնել 9ի՝ բաւարարուելով միայն մարզերու մէջ նման հաստատութիւններ բանալու ծրագիրով:
Ժողովրդային բուռն ընդվզումը մեղմելու նպատակով կատարուած այս քայլը չի կրնար հանդարտեցնել մտաւորականներու կողմէ նախաձեռնուած բողոքին ալիքը:
Այստեղ կ՛ընդգծենք դրական կէտ մը այս՝ այլապէս տխուր պատմութեան մէջ: Լեզուի մասին օրէնքի փոփոխութեան դէմ պայքարը գլխաւորեց հայ մտաւորականութիւնը: Յայտնի ու ոչ այնքան յայտնի մտաւորականներ ոտքի կանգնեցան, եւ իրենք ղեկավարեցին ընդդիմութիւնը այս ձախաւեր ձեռնարկին: Լուսանցքի վրայ դատապարտուած մնալու անէծքը կարծես այս ձեւով յաղթահարուեցաւ, գոնէ՝ մասնակիօրէն: Վարկաբեկուած՝ միշտ իբրեւ մէկ կամ միւս իշխանաւորի կամ մենաշնորհեալ դրամատէրի խամաճիկը ըլլալու պատկերացումը քանդելու կարեւոր պահ մըն է ասիկա, զոր մտաւորական խաւը պէտք չէ փախցնէ, միեւնոյն ժամանակ բերելով իր կարեւոր նպաստը՝ ազգավնաս քայլ մը ձախողեցնելու մէջ:
Նպատակայարմարութեան ու գործնականութեան հիմնաւորումներով շարժող հայ քաղաքական գործիչները, որոնք այս հարցին վերաբերեալ դրական կամ լաւագոյն պարագային՝ մակերեսային ընդդիմութիւն ցոյց կու տան, ուղղակի չեն անդրադառնար, որ նման փոփոխութիւն կատարելով լեզուի օրէնքին մէջ, ու այս հանգրուանին 15, 9, կամ թէկուզ մէկ օտարալեզու դպրոց բանալով, սաղմնաւորած կ՛ըլլան յետագային մայրենիին մահացու հարուած տալու չափ մեծնալու կարող վիշապ մը:
Գործարարը կամ շարքային քաղաքացին կրնայ չնկատել այս վտանգը, բայց մտաւորականին աչքէն չի կրնար վրիպիլ ան: