Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւնը, կազմակերպութեան հարիւրամեակին առթիւ, գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր կազմակերպելու միջ-վարժարանային շարադրական մրցում մը, Երկրորդականի եւ Միջնակարգի աւարտականներուն համար, առաջարկելով «ինչպէ՞ս կրնաս օգտակար ըլլալ հայրենիքիդ» նիւթը։
Մրցումը ունէր երկու դասաւորում՝ ներքին-դպրոցական եւ միջ-վարժարանային։ Հայերէնի ուսուցիչները շարադրութիւնները ուղարկեցին ՀՕՄին, որ իր գնահատականը եւ արժեւորումը կատարեց. միջ-վարժարանային մրցումի 12րդ կարգի ընդհանուր դասաւորումին, Ֆերահեան Վարժարանի 12րդ կարգէն Դալար Գոսաքեան եւ Նաթալի Փիլիկեան գրաւեցին 2րդ եւ 3րդ տեղերը, իսկ 8րդ կարգի միջ-վարժարանային դասաւորումին մէջ, Շանթ Գարակէօզեան գրաւեց 2րդ տեղը։
Մրցումի ներքին-դպրոցական բաժինին, 12րդ կարգէն Դալար Գոսագեան, Նաթալի Փիլիկեան եւ Րաֆֆի Տէտէեան գրաւեցին յաջորդաբար առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղերը, իսկ 8րդ կարգի դասաւորումին մէջ, Շանթ Գարակէօզեան, Հայկ Թրթռեան եւ Սեւանա Նուրեան գրաւեցին առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղերը։
Այս արդիւնքները անգամ մը եւս եկան ցոյց տալու, թէ Ֆերահեան Վարժարանի ուսուցչական կազմը լուրջ նախանձախնդրութեամբ կ՛իրականացնէ հայերէնի ուսուցումը ու կը քաջալերէ աշակերտներու գրական շնորհքները, իսկ աշակերտները, իրենց կարգին, կ՛արդարացնեն ի գործ դրուած ճիգը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.