ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Խունկ ու յարգանք հայկական բանակի նահատակ զինուորներուն, չորս երիտասարդներուն, որոնք նահատակուեցան իրենց սրբազան առաքելութիւնը կատարելու՝ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու, ընթացքին:
Թշնամին անարգ է ու դաւադիր: Այս իրողութիւնը պարզ է, ու որեւէ պահու մը, անորմէ այսպիսի անակնկալներ պէտք է սպասել: Մանաւանդ որ վերջին շրջանին ալիեւեան վոհմակը տարբեր առիթներու թէ ապառիթ, օրէ օր աւելի յաճախակիօրէն եւ հրապարակաւ սպառնական սուրը կը ճօճէ Հայաստանի ու Ղարաբաղի ուղղութեամբ:
Հայկական Զինեալ ուժերը կանգնեցուցին թշնամիին յարձակումը եւ ետ շպրտեցին հայկական սուրբ հողը պղծող այսպէս կոչուած՝ յատուկ նշանակութեան ազերի զինեալները:
«Յատուկ», «առանձնայատուկ», «գեր-յատուկ» թէ որեւէ տեսակի «յատուկ» նշանակութեան ատրպեճանական բանակի զօրամիաւորումներուն կարելի է միայն կարեկցիլ: Անոնք, խամաճիկներու նման, գործիք կը ծառայեն իրենց երկրի ապիկար իշխանութեանց ձեռքը, ու ըստ անոնց քմայքին ու նեղ անձնական հաշիւներուն, կը գործածուին իբրեւ քաւութեան նոխազներ՝ մէկ կողմէ քօղարկելու համար դիւանագիտական ճակատի վրայ իրենց շարունակական պարտութիւնը, միւս կողմէ՝ շեղելու ազերի ժողովուրդին ուշադրութիւնը իր փտած կառավարիչներու կեղեքումներէն ու թալանէն, եւ ուղորդելու զայն դէպի արիւնալի արկածախնդրական գործողութիւններու:
Յունիս 17ի միջադէպը իր տարողութեամբ պէտք է զգաստացնէ միջազգային դիւանագիտական շրջանակները՝ զանոնք մղելով աւելի լրջօրէն վերաբերելու ատրպեճանական բանակի սպառազինութեան եւ ազերի ղեկավարներու մարտաշունչ յայտարարութեանց հանդէպ: Այսպիսի միջադէպերու հանդէպ միջազգային ընտանիքի ուժեղ ու յստակ հակազդեցութիւնը միայն կրնայ ազերի իշխանութեանց հասկցնել, թէ անընդունելի են նման գործողութիւնները, եւ թէ խաղաղ բանակցութեանց այլընտրանքը միայն մեծ կորուստներու առաջնորդող ճանապարհ մըն է: Այս տեսակէտէն, «միջադէպը» խստօրէն դատապարտելու եւ յանցաւորը իր անունով պատասխանատուութեան կանչելու խիզախութիւնը չդրսեւորող Մինսկի խումբի համանախագահները, իրենց անհասցէ ու խիստ ընդհանրական բնոյթի յայտարարութեամբ, իրե՛նց իսկ հետապնդած նպատակներուն դէմ է որ գործած կ՛ըլլան:
Մեր յոյսը, անշուշտ, միջազգային կառոյցներու վրայ չենք կրնար դնել: Նման գործողութիւններ կանխելու միակ միջոցը աւելի արթուն հսկողութիւնն է հայոց բանակին կողմէ՝ հայրենիքի սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին: Հսկողութիւն ու հզօր հակահարուած տալու վճռականութիւն, որուն կարողութիւնը ունի հայոց պանծալի բանակը: