Արժանթինի մայրաքաղաք Պուենոս Այրեսի օրէնսդիր մարմինը միաձայնութեամբ քուէարկած է ի նպաստ քաղաքի հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին պատմական յուշարձան հռչակելու առաջարկին։
Նշենք, որ քանի մը շաբաթ առաջ, արժանթինահայ համայնքի ջանքերով, Պուենոս Այրեսի իշխանութիւնները չեղեալ յայտարարած էին Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի կիսանդրին տեղադրելու որոշումը։
Արժանթինի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ «Մեզի համար այս որոշումը կարեւոր է: Եկեղեցին պատմական յուշարձան դարձնելով՝ մայր տաճարը իր արժանաւոր տեղը կ՛ունենայ»։
1938ին օծուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին պիտի ընդգրկուի Արժանթինի մշակութային կարեւորագոյն արժէք ներկայացնող կառոյցներու ցանկին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.