Հինգշաբթի, 3 Յունիս 2010ի առաւօտեան, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը ՀՕՄի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի կեդրոնը այցելեց Ամերիկայի Կարմիր խաչի Կլենտէյլ-Գրեսենթա հովիտի մասնաճիւղի գործավար Ռոն Ֆարինա եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներէն՝ ատենապետ Սօսի Փօլատեանի եւ Աստղիկ Շիթիլեանի հետ: Հանդիպման մասնակից դարձաւ նաեւ գրասենեակի ընդհանուր պատասխանատու Ժասիկ æառահեանը:
Իրարու եւ զոյգ կազմակերպութիւններու նպատակներուն ու աշխատանքներուն ծանօթանալէ ետք, ընկհ. Փօլատեան, շրջանի ՀՕՄի մեծ ընտանիքին անունով 9000 տոլար արժողութեամբ վճարագիր (check) մը յանձնեց Ռ. Ֆարինային, իբրեւ մասնակցութիւն՝ Հայիթիի աղէտեալներու օգնութեան ուղղուած աշխատանքներուն:
Յայտնենք, թէ Հայիթիի ահաւոր երկրաշարժէն ետք, ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը անմիջապէս զօրաշարժի ենթարկեց իր շարքերը, միաժամանակ դիմեց իր ժողովուրդին, նուիրատուութիւններով օգնութեան հասնելու Հայիթիի աղէտահար ժողովուրդի կարիքներուն՝ հիմնելով ՀՕՄի Հայիթիի օգնութեան ֆոնտը:
ՀՕՄի դիմումները անպատասխան չմնացին: Անոր արձագանգեցին բազմաթիւ գթասիրտ հայորդիներ ու ՀՕՄի մասնաճիւղերը: Յատկանշական էր մանաւանդ արձագանգը «Շամլեան» եւ «Ալէք Փիլիպոս» Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան:
Մարդասիրական այս ծառայութեան առիթով հանգանակուած ինը հազար տոլարը ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան որոշումով, յանձնուեցաւ Ամերիկայի Կարմիր խաչի ներկայացուցիչին, որպէսզի իր նպատակին ծառայէ:
Պրն. Ֆարինա, իր կազմակերպութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՕՄին, որ մարդասիրական նման ծառայութեան մը նախաձեռնած է, ինչ որ մեծապէս գնահատելի է: Ան վստահեցուց, որ հանգանակուած գումարը իր նպատակին պիտի ծառայէ:
Յայտնենք, թէ ՀՕՄը բազմազան ծրագիրներով կը գործակցի Ամերիկայի Կարմիր խաչին հետ: Արիւնարշաւ, նիւթական օժանդակութիւն, ձեռնարկներու ներկայութիւն եւ այլն:
Սոյն հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ գործակցութեան նոր միջոցներու որոնման:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը կը շարունակէ ընդունիլ նուիրատուութիւններ՝ Հայիթի ֆոնտին եւ այլ մարդասիրական ծառայութիւններու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.