Անցեալ Շաբաթ, 5 Յունիսի երեկոյեան, աւելի քան 450 հայորդիներ, ներկայ եղան ՀՅԴ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Ռոստոմ» Կոմիտէութեան Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած խրախճանքին:
Խրախճանքը սկսելէ առաջ գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, որու ընթացքին խօսք առին Մարտիկ Քէօշկէրեան եւ Քնար Քորդոշեան:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան փառաւոր էջերէն մին է, որ կը տօնենք, յայտնեց Քէօշկէրեան, ամփոփ կերպով ներկայացնելով այն դէպքերու շարքը, որոնք աւարտեցան Հայաստանի անկախութեան հռչակումով: «Արեւելեան ճակատը քայքայուած էր, քայքայուած էր նաեւ Կովկասեան Սէյմը (խորհրդարանը-Խմբ.), հայ ժողովուրդը լքուած էր իր ճակատագիրին, իսկ արիւնկզակ թուրքը Երեւանի դռներուն կանգնած կը փորձէր վերջացնել իր 1915ին սկսած ցեղասպանութիւնը, կը փորձէր Հայաստանը ջնջել աշխարհի քարտեսէն» յայտնեց Քէօշկէրեան:
«Երեւանը չենք դատարկի» վճռականօրէն յայտարարեց Արամ Մանուկեանը արտայայտելով «ազատ ապրելու հայութեան աննկուն կամքը», եւ այդ ոգիով կռուած ժողովուրդը անկախ ապրելու իր իրաւունքը պիտի նուաճէր Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի ճակատամարտներով։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ռոստոմ կոմիտէի անունով Քնար Քորդոշեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
«Մայիս 28, 1918ը անմոռանալի թուական մը կը մնայ մեր պատմութեան մէջ, որովհետեւ անոր մէջ կը խտանան մեր ժողովուրդի ազատատենչութիւնն ու մեր ազգային պահանջատիրութեան ոգին:
Ցեղասպանութենէն ետք տկար, յուսալքուած մեր ժողովուրդի մնացորդացը, «միայն ինք իր վրայ ապաւինելով», ոտքի կանգնեցաւ՝ «միասնական ու բուռն, նահանջէն անցաւ գրոհի, ու ապառաժեայ կամքով կերտեց Սարտարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ-ապարանի յաղթական ճակամարտները։ Վերածնաւ մեր անկախ հայրենիքը», յայտնեց Քորթոշեան:
Անկախութեան անկումէն ետք՝ «մեր պատմութիւնը արձանագրեց մոխրագոյն էջեր։ Տասնամեակներու խորհրդայնացումէ ետք, այսօր դարձեալ անկախ է մեր սիրելի հայրենիքը, բայց ոչ ամբողջական։ Այսօր ալ մեր դէմ կը ծառանան քաղաքական ծանր մարտահրաւէրներ, դիւանագիտական ոտնձգութիւններ, սպառնալիքներ, ճնշումներ։ Սակայն վկայ անկախութիւն կերտող մեր սերունդի պատգամը, վկայ վերջերս տակաւին մեզ փորձութեան ենթարկող փրօթոքոլները, կը հաւատանք, որ այսօր ալ մեր ժողովուրդը պատրաստ է ոտքի կանգնելու ու միասնական ուժով ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ յայտարարելու թէ չենք յուսալքուիր, Արցախէն æաւախք ու Արեւմտահայաստան մեր հերոսներուն արեամբ շաղախուած մեր հողերը չենք զիջիր», աւելցուց Քորթոշեան:
Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցան Անդրանիկ Պէզճեան, Ժոզէֆ Գրիգորեան եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան:
Ձեռնարկի ընթացքին եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.