ՖԻՆԻՔՍ.- ՀՕՄի Ֆինիքսի «Արարատ» մասնաճիւղը ՀՕՄի հարիւրամեակին նուիրուած ճաշկերոյթի ձեռնարկը իրականացուց Մայիս 15ին, «Էմպըսի Սուից» պանդոկի սրահին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 225 անդամներու եւ համակիրներու: Ներկաներուն մէջ կային շրջանի հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քահանայ Սարիբեկեան, Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան փոխատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան եւ խորհրդական Յասմիկ Կոզանեան, ինչպէս նաեւ շրջանի ՀՅԴի «Գէորգ Չաւուշ» կոմիտէի, ՀՕՄի «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան, ՀՄԸՄի Ֆինիքսի մասնաճիւղի վարչութեան, ՀԵԴ «Գետաշէն» ուխտի վարչութեան եւ Ս. Աբգար առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները:
Հանդիսավար Սալբի Պոյաճեան, իր բարի գալուստի խօսքէն ետք կոչ ըրաւ ներկաներուն, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն հանգուցեալ ՀՕՄուհիներու յիշատակը: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան պատւոյ հիւրերուն՝ տէր եւ տիկին Մանուէլ եւ Հերմինէ Պեգելեաններուն, ու բոլոր հովանաւորողներուն, որոնք կը շարունակեն գործնականապէս նեցուկ կանգնիլ ՀՕՄի «Արարատ» մասնաճիւղի գործունէութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Արարատ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Արշօ Սասունեանին ու բոլոր անդամներուն, որոնց համատեղ ջանքերով կարելի եղած էր իրականացել սոյն յաջող ձեռնարկը:
Ապա հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութենէն Յասմիկ Կոզանեանը՝ վարչութեան խօսքը փոխանցելու համար, որմէ ետք ՀՅԴի «Գէորգ Չաւուշ» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Յարութ Չեքլանեանը:
Ապա, Զաքարիա քհնյ. Սարիբեկեան կարդաց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի յղած նամակը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «ՀՕՄը առաքելութիւն է ամէն բանէ առաջ, եւ այս առաքելութեան դրօշակակիրները ժառանգորդներն են «Տիկնայք փափկասուն հայոց աշխարհի» սերունդին, որոնք մեր պատմութիւնը կերտած են հայ այրերուն հետ հաւասարէ հաւասար, ընդառաջելով մեր ժողովուրդի ու ազգի կարիքներուն: 100 տարի առաջ ծնունդ առած ՀՕՄը հայ կեանքէն ներս մուտք գործեց վէրք ու ցաւ ամոքելու մտադրութեամբ: Տասնամեակներու ընթացքին ՀՕՄի առաքելութեան դաշտերը ընդարձակում ապրեցան, հասան հայրենամերձ ու հեռաւոր հայօճախներ, ահաւասիկ հասած են նաեւ Արիզոնա: ՀՕՄականը ճիգ չի խնայեր հասնելու թէ՛ իր անմիջական շրջանի կարիքներուն եւ թէ օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ հայրենիքին: Ան անշեղօրէն կը կիրարկէ «Ժողովուրդէն, ժողովուրդին համար» սկզբունքը, եւ իր յաջողութեան գաղտնիքն ալ հոն է: Թող 100ամեակի այս հանգրուանը նոր մեկնակէտ ըլլայ ազնիւ ՀՕՄականներուն ու գործակիցներուն, որպէսզի յաջորդ հարիւրամեակը կերտուի յաւելեալ նուիրումով, աննահանջ ընթացքով: Աղօթք կը բարձրացնենք, որ Աստուած վարձատրէ ՀՕՄի բոլոր նուիրեալներն ու նուիրատուները, անոնց հայրենաշէն ու ժողովրդասէր գործի դաշտերը պահէ իր Ս. Աջին հովանիին տակ»:
Իր կարգին, «Արարատ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Արշօ Սասունեան իր խօսքին ընթացքին բոլորին բարի գալուստ մաղթելէ եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, ըսաւ. «Մեր եւ մեր հարազատներուն տարեդարձները անհատական կեանքի այլազան երեսները կը յիշեցնեն մեզի, ու խոկալու եւ աւելի արդիւնաւէտ կեանք վարելու կ՛առաջնորդեն: Սակայն այլ է պարագան ազգային հաստատութեան մը, միութեան մը տարեդարձը տօնակատարելը, եւ այդ միութիւններու շարքին բոլորովին բացառիկ է ազգօգուտ, հայանուէր, հայութեան ու հայրենիքին գոյատեւման, վերելքին ու բարգաւաճման բարոյապէս ու նիւթապէս օժանդակող Հայ օգնութեան միութեան պարագան, որուն գոյութեան 100ամեակին տարեդարձը տօնակատարելու համար հաւաքուած ենք այսօր:
«Յարգելի պատուոյ հիւրեր տէր եւ տիկին Մանուէլ եւ Հերմինէ Պեգելեան, մոմավառներ, նուիրատուներ, սիրելի հայրենակիցներ, ընկերներ եւ ընկերուհիներ,
100 տարիներու իր երախտաշատ գործունէութենէն ետք, 21րդ դարու սեմին, միջազգային ճանաչման արժանացած Հայ օգնութեան միութիւնը, ամբողջական նուիրումով լծուած է իր մարդասիրական բազմազան աշխատանքներուն ու պիտի շարունակէ ապագային եւս: 100 տարի առաջ, Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հիմը դրուեցաւ այժմ աշխարհի չորս ծագերուն ներկայութիւն դարձած Հայ օգնութեան միութեան: Նուիրեալ հայուհիներու այս կազմակերպութիւնը վերապրելու կամք ներշնչեց 1915ի մեծ սպանդէն ճողոպրած գաղթականներուն, տուաւ իր առաւելագոյնը, որպէսզի բազմահազար հայ որբեր ու անպատսպար մանուկներ կարենան հասակ նետել հիւրընկալ օտար երկինքի տակ՝ առողջ ու կայտառ գօտեպնդուած հայեցի դաստիարակութեան մեսրոպեան շունչով:
«ՀՕՄը այսօր կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու եւ նոր բնոյթի գործունէութիւններու հարկադրանքին տակ: Սփիւռքի այլազան կարիքները գոհացնելու կողքին, ՀՕՄը իր անփոխարինելի նպաստը կը բերէ նաեւ հայրենիքի եւ Արցախի տնտեսական տագնապներու մեղմացման: Եւ այսպէս, բոլորանուէր ինքնամատուցումով, ան հայ կեանքին կը հետեւի քայլ առ քայլ, րոպէ առ րոպէ, ինչպէս մայր մը կը հետեւի իր զաւակներուն: Բայց, ի տարբերութիւն սովորական մօր՝ ՀՕՄը չծերացաւ, այլ երիտասարդացաւ ու դարձաւ մնայուն հովանի իր զաւակներուն, հայրենիքի մէջ թէ՝ ի սփիւռս աշխարհի»:
Ատենապետուհին եւս շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան պատուոյ հիւրին՝ տէր եւ տիկին Պեգելեաններուն, իրենց առատաձեռն նուիրատուութեան համար, ու նաեւ մոմավառներուն, նուիրատուներուն եւ բոլոր ներկաներուն, «որ այս ճգնաժամի օրերուն իսկ եկաք եւ յարգեցիք ՀՕՄի 100ամեայ գործունէութիւնը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր մասնաճիւղի բոլոր ընկերուհիներուն եւ մանաւանդ 100ամեակի յանձնախումբին, որ ճիգ չխնայեցին այս պարահանդէսը յաջողութեամբ պսակելու:
Կեցցէ՛ ՀՕՄը, յաւէտ կեցցէ մեր պանծալի ժողովուրդը եւ յաւերժական կեցցէ ազատ ու անկախ հայրենիքը»:
Ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւնը, որմէ ետք «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպիր Մարի Քէշիշեանի ու փոխատենապետուհի Հիլտա Քանեճեանի առաջնորդութեամբ, վարչութիւնը ծաղիկներ եւ ոսկեայ վզնոց մը նուիրեց ատենապետուհի Արշօ Սասունեանին՝ անոր անսակարկ նուիրումին դիմաց, յոտնկայս ծափահարութեանց ներքեւ:
Այս անակնկալին համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, ատենապետուհին, իր կարգին, շքանշաններ եւ փորագրուած արծաթեայ ափսէ մը յանձնեց պատուոյ հիւրերուն, որմէ ետք հանրածանօթ երգիչ Յովիկ Գրիգորեանը խանդավառեց ներկաները:
(Քաղուած Սալբի Պոյաճեանի թղթակցութենէն)