ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Միջ–կուսակցական պայքարներու «շիտակութեան» սկզբունքին յարգումն ու պահպանումը մաս կը կազմեն ժողովրդավարական հիմնական արժէքներու համակարգին։ Քաղաքական ամէնէն բուռն առճակատման պայմաններուն մէջ անգամ, ժողովրդավարական ուղին ընտրած եւ այդ ճամբով իշխանութեան հասնելու մրցապայքար մղող կուսակցութիւնները ուշադիր եւ նախանձախնդիր կ՛ըլլան, որպէսզի միջ–կուսակցական հակադրութիւններն ու հակամարտութիւնները պահուին գաղափարական կողմնորոշումներու եւ ընտրանքներու բախման մակարդակին վրայ։
Այլապէս, երբ միջ–կուսակցական պայքարը կը վերածուի կամ կը մատնուի մրցակից թէ հակառակորդ կողմն ու կուսակցութիւնը ինքնանպատակ կերպով վարկաբեկելու, միայն սեւցնելու եւ հաշուեյարդարի ենթարկելու փորձութեան, այդ ժամանակ ամբողջ հասարակութեան հիւսուածքը կը թունաւորուի իրերամերժութեան մոլուցքով, քաղաքականապէս թշնամի եւ անհաշտ ճամբարներ կ՛առաջանան ու կ՛արմատաւորուին միեւնոյն հասարակութեան մէջ։ Վերջնականապէս կ՛ոտնակոխուի ժողովրդավարական մր-ցապայքարի դաշտը՝ անհնար դարձնելով իշխանութեան եւ ընդդիմադրութեան միջեւ պայքարի ժողովրդավարական խաղականոններու ձեւաւորումը, մշակումը եւ ամրագրումը։
Հետեւաբար, քաղաքացիական հասարակութիւն եւ ժողովրդավարական կառավարման վարչակարգ ձեւաւորելու ուղին ընտրած ազգերն ու հասարակութիւնները, հասկնալիօրէն, կը դիմագրաւեն բնական եւ լուրջ դժուարութիւններ՝ համապատասխան արժէքներու համակարգ առաջացնելու եւ հաստատագրելու ճամբուն վրայ։ Եւ ճիշդ այդ բնականոն դժուարութեանց յաղթահարման համար անհրաժեշտ ու անխուսափելի պայման է, որ միջ–կուսակցական մրցապայքարը պահուի եւ յառաջ մղուի գաղափարական ընտրանքներու հարթութեան վրայ։
Հակառակ այս առումով արդէն քսանամեայ իր կենսափորձին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը չափազանց դանդաղ քայլերով յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ քաղաքացիական հասարակութիւն ձեւաւորելու, ուր մնաց միջ–կուսակցական մրցապայքարը ժողովրդավարական հունով յառաջ մղելու ճակատներուն վրայ։
Հանրապետութեան համար բախտորոշ ամէն ընտրապայքար կամ համաժողովրդային քուէարկութիւն կը բախի միեւնոյն արգելակիչ խութերուն. թէ՛ նոյնինքն ընտրական համակարգը, թէ՛ ընտրազանգուածը շարժող քաղաքական ուժերու եւ կուսակցութիւններու դաշտը պատանդ կը մնան գործող նախագահի իշխանութեան ձեռքը։ Ամէն ընտրութեան աւարտին անբաւարարութեան ապրումը կը համակէ ընտրազանգուածը, որ դարձեալ կը գանգատի, թէ իր քուէին արժէք տուող չկայ, իր կամքը յարգող չկայ, իրեն քաղաքական իսկական այլընտրանք ներկայացնող չկայ, քուէատուփ նետուած քուէն անխաթար ու անեղծ պահող չկայ եւայլն։ Աւելի՛ն. ընտրութենէ ընտրութիւն «կը կատարելագործուին» ընտրակաշառքի եւ քուէազեղծումի մեքենայութիւնները՝ իրենց հետ խորացնելով մեր ողջ հասարակութեան ներքին բեւեռացումն ու թշնամական ճամբարներու միջեւ պառակտումը։ Այն աստիճան, որ ներ–քաղաքական դաշտի բեւեռացումն ու պառակտումը, նախագահական վերջին՝ 2008ի ընտրութիւններու պարագային, ծայրայեղ պայթումի յանգեցան եւ պատճառ դարձան Մարտ 1ի կործանիչ եւ ամօթալի առճակատման ու արիւնահեղութեան։
Կը բաւէ հետեւիլ հայաստանեան մամուլին եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն, բայց մանաւանդ էլեկտրոնային քարոզչութեան բեմերուն, հաստատելու համար որ Մարտ 1ի բացած վէրքերն ու ճեղքերը դեռ չեն դարմանուած։ Քաղաքացիական պառակտումի եւ բեւեռացման մթնոլորտը ոչ միայն կը շարունակէ յամենալ, այլեւ մնայուն կերպով մշտարծարծ կրակի վրայ կը պահէ միջ–կուսակցական ինքնանպատակ պայքարի թունոտ ոգին։
Այդ մթնոլորտն ու ոգին յանկարծակի բորբոքեցան վերջին օրերուն, երբ անցեալ շաբաթավերջին Աղաունաձորի մէջ գումարուած Դաշնակցութեան հայաստանեան կազմակերպութեան հերթական Գերագոյն Ժողովի աւարտին, հրապարակուեցաւ ժողովին Յայտարարութիւնը եւ նորընտիր Գերագոյն Մարմինը, մամլոյ ասուլիսով մը, հանրային կարծիքին ներկայացուց լրացուցիչ պարզաբանումներ։
Յատկապէս Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտը մենաշնորհի վերածելու յաւակնութեամբ տարուած շրջանակները անմիջապէս համազարկ բացին Դաշնակցութեան դէմ։
Պատճա՞ռը։
Որովհետեւ Գերագոյն Ժողովը, քննելով տարի մը առաջ իշխանաւոր համախմբումէն հեռացած Դաշնակցութեան միամեայ ընդդիմադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանուր արժեւորումը կատարելով 1998էն ետք իշխանութեան այս կամ այն ձեւաչափով մասնակից ըլլալու կուսակցութեան տասնամեայ փորձառութեան, որոշած է վերանորոգ թափով յառաջ մղել ընդդիմադրի իր գործունէութիւնը՝ գլխաւոր չորս առաջնահերթութիւններու ուղղութեամբ.
«- Ազգային ուղեգծի վերականգնում,
«- Սոցիալական արդարութեան հաստատում,
«- Քաղաքացիների իրաւունքների պաշտպանութիւն,
«- Երկրում նոր իշխանութեան ձեւաւորում»։
Թէեւ յատկապէս իշխանութեանց դէմ ուղղուած են ՀՅԴ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութեան մէջ եւ ՀՅԴ նորընտիր Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչներուն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հնչած քն-նդատաութիւնները, այսուհանդերձ՝ հակադարձ քննադատութեանց ու մեղադրանքներու համազարկը չբացուեցաւ իշխանաւոր ուժերու ճամբարին կողմէ։ Ընդհակառակն՝ Հայ Ազգային Գոնկրէսի եւ անոր համախոհ շրջանակներուն կողմէ անմիջապէս մոլեգնեցաւ հակադաշնակցական քարոզարշաւ մը, որ ամէն պղտոր աղբիւրէ տղմուտ ջուր հոսեցուց՝ կրկնելու եւ կրկնելու համար, որ իբր թէ «կեղծ է» Դաշնակցութեան ընդդիմադրութիւնը, որ ՀՅԴ իբր թէ պարզապէս ընդդիմադրութեան դաշտը «գրաւել» կը փորձէ, որ իշխանաւոր համախմբումէն դուրս գալու իր քայլին համար «զղջացած է» եղեր Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբր թէ պիտի չկարենայ հատել քուէներու 5 առ հարիւրի տոկոսային սահմանը եւայլն։
Աւելի՛ն. միջ–կուսակցական ինքնանպատակ հակադրութիւն եւ թունաւոր պայքար հրահրելու ոգիով՝ «ընդդիմադրութիւնը» իրենց մենաշնորհը հռչակած այդ շրջանակները, իբր թէ Դաշնակցութեան «կեղծ ընդդիմադիր»ի դէմքը «մերկացնելու» համար, ամենայն «լրջութեամբ» սկսան մատնացոյց ընել, որ Դաշնակցութեան մէջ պարզապէս բախում առաջացած է իբր թէ մէկ կողմէ Սերժ Սարգսեանի եւ միւս կողմէ Ռոպերտ Քոչարեանի «թեւերուն» միջեւ…
Տէր Պետրոսեանական ընդդիմադրութիւնը, անշո՛ւշտ, ուղղակի դժգոհութեան պատճառ ունէր, որովհետեւ ինչպէս օրին, նաեւ այսօր Դաշնակցութիւնը պատասխանատուութեան որոշակի բաժին կը դնէ նաեւ այս շրջանակի ուսերուն վրայ՝ Մարտ 1ի ողբերգութեան համար։ Բայց Գերագոյն Ժողովին առիթով նորովի բորբոքած հակադաշնակցական կիրքերը այնքան ալ չեն բխիր Մարտ 1ի ողբերգութեան համար պատասխանատուութիւնները ճիշդ բաշխելու «նախանձախնդրութենէն»։ Ի վերջոյ Հայաստանի ողջ հասարակութիւնն ու ներ–քաղաքական դաշտը պառակտիչ բեւեռացման մղելու կործանարար մրցապայքարին համար պատասխանատու են ե՛ւ ՀՀ գործող նախագահի իշխանաւոր ճամբարը, ե՛ւ Հ.Հ. անդրանիկ նախագահի ընդդիմադիր ճամբարը։ Եւ այնքան ատեն, որ հաւասարապէս երկու ճամբարներն ալ կը շարունակեն, կամակորութեամբ, սեփական պատասխանատուութեան բաժինը մերժել եւ միայն հակադիր կողմին վրայ բեռցնել թշնամական պառակտումի ամբողջ մեղքը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, քաղաքացիական իր հասարակութեամբ եւ կառավարման համակարգով, պիտի շարունակէ պատանդ մնալ իշխանութեան մենաշնորհ հաստատած ուժերու ձեռքը, քաղաքական թէ տնտեսական իշխանութեան լծակներուն տէր ըլլան անոնք, թէ օրինական եւ ստուերային ուժերու սերտաճումով յառաջացած իշխանութեան կր-պակներ…
Շատ ժամանակ չէ մնացած խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն։
Դաշնակցութիւնը փաստօրէն նախաձեռնութիւնը վերցուցած է եւ այժմէն ահազանգ կը հնչեցնէ «իշխանութիւն»ն ու «ընդդիմադրութիւն»ը մենաշնորհի վերածելու յամեցող վտանգին դէմ, որպէսզի չկրկնուի նախորդ թէ նախկին ընտրութեանց ընթացքին պարտադրուած պառակտիչ բեւեռացման… ընտրախաղը։
ՀՅԴ Գերագոյն Ժողովի ճշդած չորս գլխաւոր առաջնահերթութիւնները, միաժամանակ, կոչ են քաղաքական ու գաղափարական սթափ գնահատանքի, որպէսզի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութեանց միջ–կուսակցական մրցապայքարը բարձրացուի ռազմավարական հիմնական ուղղութիւններու միջեւ ընտրանքի մակարդակին։
– Մեր ժողովուրդը ամէն իրաւունք ունի խորհրդարանական իր մեծամասնութիւնը վստահելու քաղաքական այն ուժին, որ Արցախի Հարցով եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի պահանջատիրութեան առաջնահերթ ճակատին վրայ՝ որեւէ չափով վտանգի տակ չի դներ ազգային մեր հիմնական իրաւունքներն ու շահերը՝ զանոնք ինչ–ինչ սակարկութիւններու եւ համապատասխան բանակցութիւններու առարկայ դարձնելով։
– Մեր ժողովուրդի բարօրութեան եւ զարգացման հաշւոյն՝ նոյնիսկ ուշացած ենք ընկերային արդարութեան հիմերը հաստատելու եւ անհրաժեշտ երաշխիքները օրէնքով ամրագրելու ճակատին վրայ։ Ընտրազանգուածը ամէն իրաւունք ունի իր ընտրանքը կատարելու կուսակցութեանց ընկերային կողմնորոշումներուն եւ առաջադրած լուծումներուն բաղդատական քննարկման հիմքի վրայ։
– Նոյնքան հիմնական առաջնահերթութիւն է քաղաքացիական լիարժէք մասնակցութեան ապահովումը մեր երկրի կառավարման համակարգին մէջ։ Քաղաքացիական իրաւունքները կը յարգուին եւ օրէնքով ու իշխանութեամբ պաշտպանութեան կ՛արժանան միայն այն հասարակութեանց մէջ, ուր քաղաքացիները իրա՛ւ հնարաւորութիւնը ունին ուղղակի հակակշռի տակ պահելու մենաշնորհներն ու առանձնաշնորհումները։ Իսկ նման իրա՛ւ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի միայն այն ժամանակ, երբ կուսակցութիւնները ոչ թէ մենաշնորհի ու առանձնաշնորհումի տէրերուն կողմէ կեանքի կոչուած ու ամրապնդուած ժողովրդավարական ծածկոյթներ են, այլ՝ քաղաքացիներու լիարժէք մասնակցութեամբ հանրային կամքի արտայայտիչներ ու պաշտպաններ են։
– Գլխաւոր ա՛յս առաջնահերթութեանց իրագործումով հնարաւոր կը դառնայ էապէս նոր իշխանութեան ձեւաւորումը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Էապէս նո՛ր իշխանութեան կարիք ունին մեր ժողովուրդն ու պետութիւնը, որովհետեւ 1991էն ասդին կատարուած ամէն ընտրութիւն փաստօրէն ծառայեց միեւնոյն կառավարման համակարգը վերարտադրելու նպատակին՝ պարզապէս իշխանաւորները անուանապէս փոխելով։
Մեր ժողովուրդը ամէն իրաւունք ունի, որպէսզի այսօրուան եւ վաղուան իր սերունդները դուրս բերէ իշխանութեան մենաշնորհ հաստատած ուժերու երկու կրակի արանքին յայտնուելու կործանարար վիճակէն։
Իսկ մարտիմէկեան բնորդով այդ բեւեռացումը յաղթահարելու ճամբան կ՛անցնի կուսակցութիւններու քաղաքական–գաղափարական լիարժէք կայացման հունէն։
Ժողովրդավարացման հո՛ւնէն, ուր քաղաքացին հնարաւորութիւնը ունի գաղափարական դիմագծով միաւորներու եւ անոնց պաշտպանած ազգային–քաղաքական տարբեր կողմնորոշումներուն միջեւ ընտրա՛նք կատարելու։
Այլապէս, իշխանութեան համար ինքնանպատակ մրցապայքարին հետեւող բեւեռացման ու թշնամանքին, մենաշնորհներու երկու կրակի արանքին վերստին յայտնուելով՝ քաղաքացիին հետ ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի մատնուի «օդէն կախուած մնալու» վտանգին։
ՀՅԴ 15րդ Գերագոյն Ժողովին առիթով, Դաշնակցութեան դէմ բացուած համազարկի ընթացքին, հրապարակագիր մը «երկու կրակի արանքին յայտնուած ըլլալու» եւ «օդէն կախուած մնալու» պատկերաւոր բնութագրումը տուաւ… Դաշնակցութեան։
Կը գիտակցէ՞ր, արդեօք, որ ամբողջ մեր երկիրն ու ժողովուրդը յայտնուած են, «իշխանութեան» եւ «ընդդիմադրութեան» յամեցող բեւեռացումով, երկու կրակի արանքին՝ օդէն կախուած մնալու ծանրագոյն վտանգին առջեւ։